«Ասպարեզ». Կը գտնուինք ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին եւ հասած է փորձաքննութեան ժամը։
Հայ անկախ պետականութեան կեանքին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, կիրարկման կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեամբ ի զօրու դարձող խորհրդարանական համակարգը, որ կոչուած է քաղաքական ուժերու շատ աւելի լայն զանգուածի մը մասնակցութիւնը ապահովելու յառաջիկայ ընտրական գործընթացին մէջ։ Եւ նոր ընտրակարգը ինքնաբերաբար ծնունդ տուած է քաղաքական ուժերու այն վերադասաւորման, զոր այժմ կը տեսնենք, բայց միաժամանակ հարց կու տանք, թէ դէպի ո՞ւր կը դիմէ քաղաքական փորձի այս նոր ալիքը եւ թէ ո՞ւր ի վերջոյ պիտի իյնան փշուրները այս ընդհանուր տեղաշարժին մէջ։
Յստակ է միայն մէկ բան։ Նոր սահմանադրութեան գոյութեան փաստը դեռ չի նշանակեր, թէ փոխուած է մեր երկրի հասարակակարգը։ Ան չի նշանակեր, թէ տեղի ունեցած է արմատական յեղաշրջում ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի փոխադարձ յարաբերութիւններու բնոյթին մէջ։ Ան մանաւանդ չի նշանակեր, թէ յառաջիկայ ընտրութիւնները իրապէս ազատ պիտի ըլլան անցեալի յոռի բարքերէն եւ երկիրը պիտի շնչէ քաղաքական նոր մշակոյթով։ Կարելի չէ ուրանալ, որ նոր սահմանադրութիւնը աննախընթաց ոստիւն մըն է դէպի ժողովրդավարութիւն և ՀՅ Դաշնակցութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունեցաւ զայն կեանքի կոչելու դժուարին գործին մէջ։ Բացառիկ նուաճում մըն էր նաեւ սահմանադրական հանրաքուէն, որմով մեր երկրի քաղաքացին իր քաղաքական կամքը դրաւ նժարի վրայ ի զօրակցութիւն համամասնական և խորհրդարանական կառավարչաձեւին։ Այնուամենայնիւ այն շահատիրական ուժերը, որոնք նախագահական համակարգի թոյլտուութիւններէն օգտուելով քառորդ դար շարունակ իրենց թաթը դրած էին պետականութեան օրգաններուն վրայ, շատ հեռու են «անձնատուր» եղած ըլլալէ։ Աւելի քան երբեք՝ անոնք կենդանի են եւ «կենսունակ»։ Իրականութիւնը այն է, որ անոնք երբեք չ՚անհանգստացան նոր սահմանադրութեան փաստով… Ընդհակառակն անոնք ամէն միջոցի դիմեցին սահմանադրական բարեփոխութիւններու գործընթացը իրենց հակակշռին տակ պահելու եւ զայն լիովին իւրացնելու։
Այս առումով, մեր ժողովուրդը պիտի գիտնայ ճիշտ հասկնալ կշիռը ընտրապայքարի այս ճակատագրական փուլին։ Այն պայքարը, զոր Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն մղեց նոր սահմանադրութիւնը կարելի դարձնելու նպատակով, դեռ շատ հեռու է աւարտած ըլլալէ։ Իրականութեան մէջ, իսկական պայքարը նոր է միայն, որ կը սկսի։ Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՞ս վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի օրով իշխող հաստատութիւնը անկարելի դարձուց որեւէ հիմնական փոփոխութիւն երկրի տնտեսութիւնը կապտած մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու ուղղութեամբ։ Ազգային Տնտեսութեան (Էկոնոմիկայի) Նախարարութեան ձեռքերը միշտ ալ մնացին կապուած համակարգային փոփոխութիւններու մարզին մէջ։ Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՞ս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի օրով այդ նոյն նախարարութիւնը զրկուեցաւ տնտեսակարգի ուղղութիւնները ճշտելու եւ անոնց վերահսկողութիւնը ընելու իր լիազօրութիւններէն եւ վերածուեցաւ առեւտուրի քաջալերման սոսկ մէկ գործիքի։ Երկու պարագային ալ դաշնակցական նախարարին գործելու եւ յեղաշրջո՛ւմ իրականացնելու կարելիութիւններն էին, որոնք վերջին երկու վարչապետներուն կողմէ կ՚ենթարկուէին աւազախրումի։
Տնտեսութեան շնչերակները խցող մենաշնորհային այս համակարգը այժմ եւս կը գործէ մեծ ուժականութեամբ եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները առեւանգելու յստակ ռազմավարութեամբ։ Ան կը գործէ ընտրական դաշտի բոլոր յայտնի շերտերուն մէջէն։ Կը գործէ որպէս գեր-քաղաքական տիրակալութիւն ապագայ խորհրդարանական համակարգը իր նորմերուն ենթարկելու, զայն աղաւաղելու, զայն իրողապէս (de facto) նախագահականի փոխակերպելու հեռանկարներ որոճալով։ Այս վտանգին դէմ է, որ անյապաղ պիտի պաշտպանուի մեր երկրի քաղաքացին։ Նոր սահմանադրութիւնը, ինքն ըստ ինքեան, երաշխիք մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ այս հսկայ սպառնալիքին դէմ։ Համակարգի փոփոխութեան մարզին մէջ շրջադարձային քայլեր առնելով հանդերձ, նոր սահմանադրութիւնը այնուամենայնիւ մեծ բացառութիւններ դրած է քաղաքացիի շարք մը անօտարելի իրաւունքներուն վրայ անոնց տնօրինումը վստահելով Ազգային Ժողովին եւ անկէ բխող եւ բխելիք օրէնքներուն։
Այս իսկ պատճառով, եկած է ժամը, որ մեր երկրի քաղաքացին յառաջիկայ Ապրիլի ընտրութիւններուն մէջ գործէ մեծ յստակատեսութեամբ եւ իր քուէն արժեցնելով խորհրդարան ղրկէ Դաշնակցութեան ընտրացանկի թեկնածուներու մէկ մեծ հոյլը իր որոշիչ զանգուածով։ Խորհրդարան պէտք է մտնեն բոլոր այն ուժերը, որոնք մաս կը կազմեն այս մեծ առաքելութեան։ Յառաջիկայ խորհրդարանը պիտի ըլլայ ժողովրդավարական ուժերու պայքարի ամէնօրեայ ռազմադաշտը։ Քաղաքացին թոյլ պիտի չտայ, որ վաղուան խորհրդարանը կրկին առեւանգուի մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ։ Եկած է ժամը, որ ՀՀ քաղաքացին միանգամընդմիշտ փշրէ այն ախտաւոր շրջանակը (vicious circle), որ տեւաբար կը սեղմուի իր շուրջ։ Պէտք է փշրէ եւ դուրս բերէ ինքզինք այս անհեթեթ եւ ինքնապարտադիր ստրկութենէն։ Մենք պիտի ունենանք տնտեսութիւն, որ կը շնչէ ազատ եւ մրցակցային շուկայի օրինապատշաճ կանոններով։ Տնտեսութի՛ւն՝ ուր տեղի կ՛ունենայ ազգային եկամուտի տարերային եւ առողջ վերաբաշխում։ Ներդրումային դրամագլուխի շարունակական վերաշրջանառութի՛ւն՝ ծնունդ տալով բարձրորակ աշխատատեղերու, որոնք կ՛մրապնդեն ողնայարը քաղաքացիական հասարակութեան։ Եւ վերջապէս տնտեսութի՛ւն՝ որ ապաւինելով իր ընդոծին ուժականութիւններուն՝ կրնայ կասեցնել մեր երկրի ապագան պատուհասող արտագաղթը եւ ընդհակառակն կը դառնայ ներգաղթի այն հզօր բեւեռը, որ ցուցանիշն իսկ է վաղուան մեր վերածնունդին։
Նոր սահմանադրութիւնը կրնայ ըլլալ մեծ սկիզբ մը մեր պետականութեան եւ մեր ժողովուրդին համար, եթէ անոր տէր կանգնի մեր երկրի քաղաքացին եւ չլքէ պայքարի ասպարէզը՝ իր քուէն եւ իր ազատութի՛ւնը ծախելով մենաշնորհի տէրերուն։ Տէր կանգնի մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ եւ զայն վերածէ աննախընթաց բարիքի մը բոլոր գալիք սերունդներուն համար։
Նոր սահմանադրութեան մէջ դրուած են շարք մը փոխադարձ հակակշիռներ (checks and balances), որոնք կարեւոր զէնքեր են սահմանադրական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, բայց նաեւ իրողութիւն է, որ անոնք դեռ չեն զարնուած իրական կեանքի փորձաքարին։ Նոր խորհրդարանի պատգամաւորական կազմն է, որ աչալուրջ պիտի հսկէ եւ պիտի ապահովէ մեր վաղուան օրը։ Այն կա՛զմը՝ որ քու քուէով պիտի մտնէ Ազգային Ժողով։ Եւ դուն պիտի որոշես, թէ ինչպիսի՞ կազմ մը պիտի ըլլայ ան։ Եւ որպէսզի սահմանադրութիւնը պաշտպանէ քեզ, առաջին հերթին դուն՝ ի՛նքդ պիտի պաշտպանես զայն եւ թոյլ չտաս, որ շահագործումի ուժերը զայն վերածեն աննախընթաց չարիքի։ Այսպէս միայն կրնայ գործել քաղաքացիական պայմանագիրը։ Այսպէս միայն մենք կրնանք մտնել նոր իրաւակարգի դռներէն ներս որպէս իրաւատէ՛ր։ Պիտի գիտնաս, որ դուն ես տէրը եւ դուն ես ծառան այս հայրենիքին եւ իր ազատութեան եւ իր ժողովրդավարութեան եւ իր անկախութեան եւ իր անվտանգութեան եւ վերջին խօսքը կը պատկանի միայն քեզի։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Փետրուար 23, 2017
Ուաշինկթըն