Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ յայտնի դարձաւ, որ բանակի պատասխանատուներու վերին օղակին մէջ կան սեփական գրպանի հարստացման համար հայկական զինուած ուժերու միջոցներէն չարաշահումներ կատարող պաշտօնատարներ, համատարած զայրոյթի ալիքին մե՛նք ալ միացուցինք մեր պահանջը՝ խստագոյնս պատժելու բոլոր յանցագործները:
Քանի մը բարձրաստիճան զինուորականներ պաշտօնաթող ըլլալէ անդին, այս մասին որեւէ լուրջ տեղեկատուութիւն ցարդ չէ հրապարակուած: Այս երկար լռութենէն ետք, ահաւասի՛կ լուրեր կը շրջին, թէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ քննութիւն բացուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի դէմ: Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի անդրադարձը այս հարցին կը յուշէ, որ նախկին նախարարը, այժմ՝ Վարդան Օսկանեանի եւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի հետ ընտրական դաշինքով Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող Սէյրան Օհանեանը, կրնայ մօտիկ ապագային քրէական հետապնդումի ենթարկուիլ:
Մենք չենք կրնար պաշտպանել ոեւէ մէկը, որ Հայոց բանակի, հայ զինուորի սնունդէն, զինավառութենէն գողցած է: Սակայն մեզի համար հարցական կը մնայ այն, որ եթէ նախկին նախարարը անձամբ պատասխանատուութիւն ունեցած է այս յանցագործութեան մէջ, ապա ինչո՞ւ այսքան ժամանակ այդ մասին ոչ մէկ խօսք եղած է:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում