ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սամսունէն լուրեր» լրատուական կայքը գրած է քաղաքի հայկական թաղամասին պատմութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ քաղաքի Սելահիէ թաղամասի համանուն մզկիթն ու յարակից դպրոցը, հանրապետութեան հռչակումէն առաջ, հայկական եկեղեցի եղած են։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հանրապետական շրջանէն առաջ, քաղաքին մէջ կ՛ապրէին մօտաւորապէս 15,000 հայեր, որոնք ընդհանրապէս կեդրոնացած էին գլխաւորաբար Սելահիէ թաղին մէջ։
Լուրին մէջ, թուրք պատմաբան Էմին Քըրպըյըք նշած է, որ «Կազիփաշա» նախակրթարանը եւս եղած է հայկական որբանոց, ուր ապրած է նաեւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայող օրուան հոգեւորականը։ Պատմաբանը նաեւ ըսած է, թէ հայկական թաղամասին մէջ ապրած է քաղաքի ազնուական դասակարգը՝ նշելով, որ տակաւին կան շէնքեր, որոնք հայկական հետքեր կը կրեն։
Asbarez.com