ՊՈԼԻՍ. Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գօչունեան կը յայտնէ, որ Պոլսոյպատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Պոլսոյ Հայոցպատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան պիտիայցելեն Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածին:
«Յաջորդ շաբթուան մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ Երեքշաբթի օր, Արամ արք. Աթէշեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան պիտի գտնուին Էջմիածին: Զանոնք պիտի ընդունի Գարեգին Բ. հայրապետը: Կ՛երթան Էջմիածին իրենց յարաբերութիւնը կաթողիկոսի օրհնութեամբ թարմացնելու: Անոնք սուրբ Էջմիածինի մէջ պիտի աղօթեն իրենց եղբայրութեան համար», ըսած է Գօչունեան:
Արամ արք. Աթէշեանի եւ Սահակ եպս. Մաշալեանի միջեւ ստեղծուած ճգանաժամը, որ լուրջ խոչընդոտի կրնայ վերածուիլ, կարելի եղաւ կասեցնել: Այս գործին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, կը վկայէ Գօչունեան:
Անդրադառնալով պատրիարքի ընտրութիւններու հարցին, Գօչունեան նշած է, որ Փետրուար 16ին Արամ արք.ի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան համայնքային գործիչներ: Խորհրդակցութեան նպատակն էր հարթել Արամ արք. Աթէշեանի եւ Սահակ եպս. Մաշալեանի միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը: Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Սահակ եպս. Մաշալեան:
Կարդացեք նաև
Սոյն հանդիպման մասին Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ. «Փետրուար 16ին Գումգափուի եկեղեցւոյ սրահին մէջ գումարուած է ՎԱՏԻՓի (Վագըֆներու միջեւ զօրակցութեան եւ խորհրդակցութեան հարթակ), հիմնարկներու նախագահներու եւ վարիչներու, համայնքի պատասխանատուներուն, նաեւ… Արամ արք.ի եւ Սահակ եպս.ի մասնակցութեամբ արտակարգ ժողով մը: Նոյն ժամերուն, զուգահեռաբար, պատրիարքարանին մէջ ալ ուրիշ, գաղտնի ժողով մը գումարուած է մասնակցութեամբ նաեւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնարկի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի:
«Այս ժողովին մասնակիցներէն ոմանք, ներառեալ Շիրինօղլու, իրենց ժողովի աւարտին եկած են Գումգափուի եկեղեցւոյ սրահ:
Հոն մշակուող արձանագրութեան բովանդակութիւնը հեռու եղած է միաձայնութիւն գոյացնելէ: Մթնոլորտը յանկարծ լարուած է: Մինչ ոմանք նախ եւ առաջ ու անսակարկելիօրէն պահանջած են Արամ արք.ի հրաժարականը, ուրիշներ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուած են զուգահեռաբար գաղտնի ժողովի մը գումարման դէմ, ոմանք ալ ուղղակի խնդրոյ առարկայ դարձուցած են արձանագրութեան օրինականութիւնը: Բուռն վէճեր ծագած են, նոյնիսկ երբեմն ինչպէս կ՛ըսուի՝ «խօսած են» բռունցքները: Մէկ կողմէն սրահ ներխուժած են գաղտնի ոստիկաններ, միւս կողմէն ալ եկեղեցւոյ բակը լեցուցած են ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններ: Պատրիարքարանի ժողովէն ետք հոն ժամանածներէն շատեր, ներառեալ՝ Շիրինօղլու, հեռացած են սրահէն»:
Հանդիպումէն ետք կարելի եղած է համաձայնութեան մը յանգիլ, ըստ որուն՝ Սահակ եպս. եւ Արամ արք. պիտի շարունակեն աշխատանքը իրենց պաշտօններուն մէջ: Պատրիարքի ընտրութեան համար նախնականօրէն նշանակուած է օր՝ Կիրակի, Մայիս 28, 2017:
Նշենք, որ երէկ, Ուրբաթ, 17 Փետրուարին, նախատեսուած պատրիարքի փոխնորդի տեղակալի ընտրութիւնը տեղի չունեցաւ: Աղբիւրներ կը նշեն, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կասեցուցած է վերեւ նշուած խորհրդակցութեան ընթացքին առնուած որոշումներուն գործադրութիւնը, սպասելու համար Աթէշեանի եւ Մաշալեանի Էջմիածինի մէջ ունենալիք խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն:
Asbarez.com