Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

«Թուրքիոյ պատմութեան նաեւ մաս կը կազմէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը»

Փետրվար 20,2017 12:47

«Հորիզոն»-ի հարցազրոյցը Ճեմ Էօզտեմիրի հետ

Յունուար 21-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացած Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան նախօրեակին, «Հորիզոն» աբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հետեւալ հարցազրոյցը ունեցաւ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրի հետ, որ օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր:

 «Հ» –Պրն. Էօզտեմիր, դուք առանցքային դերակատարութիւն ունեցաք երմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի որդեգրման մէջ։ Գերմանիոյ քաղաքական ուժերը ի՞նչպէս զօրակոչի ենթարկեցիք։

Ճեմ Էօզտեմիր – Շնորհակալութիւն։ Սակայն անշուշտ ես առանձին չէի։ Ունէինք կարեւոր դաշնակիցներ, որոնցմէ մէկը երմանիոյ նախագահ պրն. Կաուքն էր, որ Պունտեսթակի մէջ մեր քննարկումներու առաջին օրուընէն մէկ օր առաջ եկեղեցւոյ մէջ խօսք մը արտասանեց եւ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, որմէ ետք մեզի համար աւելի դիւրին էր այդ ուղղութեամբ ընթանալ։ Նաեւ խորհրդարանի նախագահ պրն. Լամպերթը նիստի բացումի ընթացքին իր կարգին կարեւոր կէտեր նշեց դարձեալ օգտագործելով »ցեղասպանութիւն« եզրը։ Ուստի քաղաքական խմբաւորումներուն համար աւելի դիւրին դարձաւ աւելի համարձակ ըլլալ քան ինչ եղած էինք նախորդող տարիներուն։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ երբ տասը տարի առաջ ցեղասպանութեան հարցին շուրջ առաջին քննարկումը կատարեցինք տակաւին գոյութիւն ունէր այն յոյսը, որ Թուրքիոյ մէջ հարցերը կ՚՚՚ըթանան ճիշդ ուղղութեամբ եւ Թուրքիա կրնայ իր պատմութեան հետ առերեսուելու իր ուղին գտնել։ Կար ժամանակ մը, երբ Հրանդը (Տինք «Հ») տակաւին ողջ էր եւ Թուրքիոյ մէջ քննարկումներ, խորհրդաժողովներ տեղի կÿունենային, ուստի կÿուզէինք քաջալերել այդ հոլովոյթը։ Սակայն եթէ այսօրուան կացութիւնը դիտենք կը տեսնենք, որ կացութիւնը վատթարացած է, ուստի ժամանակն էր ճանչնալու ցեղասպանութիւնը, սակայն ոչ միայն Թուրքիան ամբաստանելու, այլ նաեւ խօսելու համար մեր պատմութեան եւ այս ահաւոր դէպքերուն մեր մասնակցութեան մասին։ Ես հպարտ եմ, որ գերմանական Պունտեսթակը քաջութիւնն ունէր երմանիոյ յանցանքին մասին խօսելու։ Որոշումին առաջին բաժինը ցեղասպանութեան մասին խօսիլ էր, երկրորդը՝ երմանիոյ յանցանքին, սակայն երրորդ բաժինը կը վերաբերէր ապագային նայելուն եւ տեսնելու, որ գոյութիւն ունի պարտաւորութիւն մը՝ Հայաստանը եւ Թուրքիան դարձնելու լաւ դրացիներ, ինչպէս այսօր են երմանիան եւ Լեհաստանը կամ երմանիան եւ Ֆրանսան, եւ այդ է իմ տեսլականս, որ օր մը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաց կը տեսնենք, ինչպէս երմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ սահմանը բաց է։

«Հ» – Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ջնջուած է թրքական դպրոցական պատմութեան գիրքերէն, Թուրքիոյ նոր սերունդները այդ վերաբերեալ բաւարար տեղեկութիւն չունին։ Չէ՞ք կարծեր, որ ժամանակը հասած է այդ դասագիրքերը վերախմբագրելու։

Ճ. Է. – Դժբախտաբար հարցը ձեռքս չէ։ Իտէալական աշխարհի մը մէջ, ուր ես ըլլայի զայն գրող, շատ աւելի տարբեր պատկեր մը պիտի ստեղծուէր։ Այդ գիրքը պիտի պատմէր պատմութիւնը այն մարդոց, որոնց պատմութիւնը թրքական պատմութեան գիրքերուն մէջ չի պատմուիր, սակայն ատիկա միայն Թուրքիոյ պարագային չէ, այլ դժբախտաբար նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ։ Պատմութեան գիրքերը կը գրուին կառավարութիւններու կամ ղեկավարութեանց կողմէ ստեղծելու համար »առասպել« մը, որ իսկութեան մէջ որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ։ Սուլթան Պայազիտը «Ռեքոնքուիսթա»-ի ժամանակ հրեաներուն օգնեց գալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաստատուելու, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին երանիայէն հրեաներու արտօնուեցաւ գալ եւ հաստատուիլ Թուրքիոյ մէջ, սակայն Թուրքիոյ պատմութեան նաեւ մաս կը կազմէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1937-1938 թուականներու Տերսիմի դէպքերը, 90-ականներու Սվազի դէպքերը, երբ ալեւիները սպանուեցան, ատոնք եւս պատմութեան մաս կը կազմեն։ Աշխարհի վրայ չկայ պետութիւն մը, որ միայն լաւ դէպքերու պատմութիւն ունի, ուստի Թուրքիան չի տկարանար, եթէ այդ դէպքերը նշուին պատմութեան գիրքերուն մէջ, այլ ընդհակառակը, կը հաւատամ Թուրքիան արդիական ընկերութեան վերածման պիտի նպաստէ։ Ասիկա ամբաստանելու, յանցանքի մասին չէ, այլ պատասխանատուութեան։

՚Գերմանիոյ նախկին նախագահ Վայցեքըր առիթով մը Պունտեսթակի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Գերմանիոյ երիտասարդ սերունդը Ողջակիզման համար յանցաւոր չէ, այդ մէկը կը վերաբերի Նացի ժամանակաշրջանին, սակայն ամբողջական պարտաւորութիւնն ունինք, որովհետեւ տեղի ունեցած է մեր նախահայրերու անունով՝ պարտաւորութիւնն ունինք երաշխաւորելու, որ երբեք չի կրկնուիր եւ վերապրողներու ընտանիքներուն հետ կամուրջներու հաստատման նպաստելու։ Եւ Թուրքիան ճիշդ այդ պէտք է ընէ։ Ուստի Թուրքիոյ նոր սերունդները պարտաւորութիւնն ունին չմոռնալու անոնք, որոնք այդտեղ կÿապրէին, եւ ի՞նչու այլեւս այդտեղ չեն ապրիր, եւ պիտի մաղթէի, որ անոնց եղեռական պատմութիւնները պատմուին թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ։ Ես յոռետես մը չեմ. կը հաւատամ, որ ուշ կամ կանուխ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ՝ այդ մէկը պիտի տեսնենք, ինչպէս ես այսօր կը տեսնեմ. երբ կը քալեմ Պերլինի մէջ կարգ մը տուներուն վրայ կը տեսնեմ անունները անոնց նախկին բնակիչներուն, որոնք արգելափակման ճամբարներ ուղարկուած են։ Կը մաղթեմ, որ օր մըն ալ, երբ Պոլսոյ թաղամասերուն մէջ քալեմ, բնակարաններու վրայ տեսնեմ անունները անոնց, որոնք նախապէս այդտեղ կը բնակէին։ Կը կարծեմ, որ այդ մէկը կարեւոր է, եւ մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիան այդ պատմութիւնը չի պատմեր, մենք զայն պէտք է պատմենք, որպէսզի չմոռուցի։

«Հ» – Ի՞նչպէս կը գնահատէք Հրանդ Տինքի աւանդը։

Ճ.Էօ. – Ան Թուրքիոյ հայ համայնքէն առաջին անձն էր, որ խօսեցաւ 1915-ի մասին եւ բազմաթիւ թրքահայերու քաջալերեց իրենց պատմութեան հետ առերեսուելու, նոյն ատեն թուրքերը քաջալերեց իրենց պատմութեան հետ առերեսուելու։ Մի մոռնաք, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ մեծցած էք եւ թրքական դպրոց յաճախած էք՝ քու պատմութեանդ մասին ի՞նչ կը սորվիս: Կը սորվիս, թէ բոլոր պատերազմներու մէջ յաղթանակներ արձանգարած են, սակայն Օսմանեան կայսրութիւնը հետզհետէ փոքրացաւ, ուստի սորվածդ զարմանալի պատմութիւն մըն է, չես լսեր այն ժողովուրդներուն մասին, որոնք այդտեղ կÿապրէին նախքան օսմանցիներու եւ սելճուքներու գալուստը, կարծես նախապէս երկիրը բնաւ բնակուած չէր։ Ուստի Հրանդ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ վերոնշեալ քննարկումին սկիզբ տալու համար, որ հայերը այդ աշխարհագրական տարածքին մէջ բնիկներ են։ Զինք սպաննողները, եւ խօսքս միայն այդ երիտասարդութեան մասին չէ այլ նաեւ պետութեան, կÿուզէին Հրանդի գաղափարներուն գոյութիւնը դադրեցնել, ուստի մեր պարտաւորութիւնն է փաստել, թէ այդ մէկը անկարելի է։ Բայցեւայնպէս պէտք է նշեմ, որ այն լաւատեսութիւնը, որ Հրանդը ունէր, թէ Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն պիտի տեսնէ, առայժմ տեղի չէ ունեցած։

 ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728