Պոլսոյ հայ համայնքի հիմնադրամներու խորհուրդի առաջնորդներն ու բարերարները Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի հրաժարականի հետ կապուած Փետրուար 16-ին հանդիպում նշանակած են:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը, հայ համայնքի «Հիմնադրամներու համերաշխութեան ու հաղորդակցութեան ամպիոն»-ի կողմէ նախաձեռնուած հանդիպումին պիտի քննարկուի եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի հրաժարականը ու պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած ստեղծուած ճգնաժամը հայ համայնքին մէջ:
Կը նշուի, որ հանդիպումին պիտի մասնակցին նաեւ հայ համայնքի գործօն ներկայացուցիչներ Հայկ Ասլանեանը, Զատիկ Թոքերը, Էրոլ Էրգանն ու Տիգրան Ալթունը:
Նշենք, որ օրեր առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան հրաժարական տուած էր` այդ քայլին դիմելու համար մեղադրելով Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ արք․ Արամ Աթէշեանը: Ան նշած էր, թէ Աթէշեան ամէն ինչ կ՛ընէ, որ պատրիարքի ընտրութիւններ տեղի չունենան: