Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան մեկնաբանութիւն տուած է` կապուած պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաժարականին եւ այդ առնչութեամբ հրապարակած յայտարարութեան հետ:
Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» պարբերականին Աթէշեանի տուած մեկնաբանութիւնը ամբողջութեամբ:
«Ես իսկապէս ցաւ ապրեցայ: Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հետ մենք հոգեւոր եղբայրներ ենք: Իբրեւ Պոլսոյ մէջ գտնուող երկու եպիսկոպոս` ներկայ դժուար ժամանակաշրջանին մեզի վիճակուած է պատրիարքարանի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու գործը: Եղբայրներուն միջեւ կրնան ըլլալ տարակարծութիւններ: Կրօնական ժողովի պարագային ալ կրնամ ըսել նոյնը: Ժողովին կրնան ծագիլ տարակարծութիւններ, սակայն այդ ամէնէն ետք պէտք է ընդունիլ քուէարկութեան արդիւնքը: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան լքեց մեր երէկուան ժողովը եւ առանց նոյնիսկ խորհրդակցելու ներկայացուց իր հրաժարականը` ի զարմանս բոլորին: Տեսնենք, թէ յառաջիկայ օրերուն ինչ իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան»,- ըսած է Աթէշեան:
Սահակ եպիսկոպոս մաշալեանը Փետրուար 13-ին յայտարարած է իր պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին` յայտնելով, որ այդ որոշման մեղաւորը պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանն է: Ան հրապարակած է իր քայլերը մեկնաբանող նամակ` նշելով, որ հրաժարականի որոշումը կայացուցած է Փետրուար 13-ին կայացած հոգեւոր խորհուրդի ժամանակ Աթէշեանի ցուցաբերած վարքի պատճառով: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ չի պատրաստուիր իր թեկնածութիւնը առաջադրելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ պիտի հեռանայ Պոլիսէն: