Յայտարարութիւն
12 Փետրուար 2017
Հիմնուելով վերջին օրերու կուսակցութեանս վերաբերող իրադարձութիւններուն վրայ,
Նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կապը ՀՌԱԿ-ի հետ վերջինիս հիմնադրութեան (2012 թուականին) առաջին իսկ օրէն եղած է միայն բարոյական՝ որպէս մեր կուսակցութեան միեւնոյն սկզբունքները դաւանող Հայրենի կուսակցութիւն.
Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Աւետիքեանի գլխաւորած ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս գալով սկսած է կուսակցութեանս տէրն ու տիրականը ըլլալ յաւակնիլ եւ որպէս այդպիսին ներկայանալ՝ հանրային կարծիքի շփոթ յառաջացնելով.
Անդրադառնալով, որ ՀՌԱԿ շեղելով աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի 95 ամեայ պետականամէտ սկզբունքէն, սկսած է հակասել կուսակցութեանս ազգային ռազմավարութիւնը.
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ.
Ա. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր բարոյական կապը պաշտօնապէս եւ միանգամընդմիշտ կը խզէ ՀՌԱԿ-ի հետ:
Բ. Հիմնուելով իր աւանդական իրաւունքին վրայ ՀՌԱԿ-ին կ’արգիլէ նոյնանման անունով հանդէս գալ:
Գ. Հայրենի իշխանութիւններուն հայեցողութեան կը յանձնէ այս պարագան:
Դ. Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի անդամակցութեան քանի մը անօրինապահ անդամներուն կը զգուշացնէ ամէն յարաբերութիւն կասեցնել եւ չ՛առընչուիլ ՀՌԱԿ-ի հետ՝ խուսափելու համար կուսակցութեանս կանոնագրութեան սահմանած պատժամիջոցներէն:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ