Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի ղեկավարները դիմած են գործընկերներուն` խնդրելով նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ընել ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA):
Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան դիմած է հայերուն` խնդրելով միանալ ստորագրահաւաքին, որ Թրամփին կոչ կ՛ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնն ու վերջ դնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան: Ատոր համար անհրաժեշտ է Քոնկրեսի մէջ իրենց ներկայացուցիչներէն խնդրել միանալու Հայկական հարցերու յանձնաժողովի նամակին:
Նամակի մէջ կը նշուի, որ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը` ԱՄՆ-ն յարգանքի տուրք պիտի մատուցանէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծէ վերապրածներուն, մինչեւ հիմա երկրի համար աշխատող հայկական ծագումով հայերու յամառութիւնն ու վճռականութիւնը: Քոնկրեսականները նաեւ Թրամփին կոչ կ՛ընեն Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարելու:
Նամակը ստորագրած են Յանձնաժողովի անդամներ Ֆրենք Փալոնէն, Ջեքի Սփիըրը, Տէյվիտ Թրոթը եւ Տէյվիտ Վալտատոն, ինչպէս նաեւ Ատամ Շիֆն ու Կուս Պիլիրաքիսը: