Պատերազմի մէջ ենք մեր հարեւան երկրի՝ Ատրպէյճանի դէմ: Բուռն ռազմական գործողութիւններ եթէ չկան այսօր, ապա Ապրիլեան քառօրեայ կռիւները ապացոյց են, որ որեւէ պահու թշնամին կրնայ ընդհանուր յարձակողականի անցնիլ ճակատի այս կամ այն կէտէն, կամ նոյնիսկ՝ քանի մը կէտերէ միասին:
Ռազմական հարթութեան վրայ, թշնամին ամէն օր, ճակատի ամբողջ երկայնքով, մշտապէս կը փորձէ թոյլ պաշտպանուած, խոցելի կէտեր փնտռել՝ թափանցելու համար սահմանէն ներս, մէկ կողմէ՝ իր զինուած ուժերուն եւ ժողովուրդին կորովը բարձրացնելու, իսկ միւս կողմէ՝ շարունակական ճնշումներով յոգնեցնելու, մաշեցնելու հայկական ուժերը, բարոյապէս տկարացնելով անոնց մարտական ոգին:
Քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ եւս, մեր երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի ճակատումներ կը կատարուին: Կաշառքի ճանապարհով կողմնակիցներ ապահովելու դատապարտելի վարքագիծէն չխորշող ատրպէյճանական իշխանութիւնը, միջազգային կառոյցներու մէջ դաշնակիցներ ապահովելու իր ճիգին մէջ մեզ խոցելու պատրաստակամ դաւակիցներ կը փնտռէ, եւ բռնատիրական հակումներով յայտնի իշխանաւորներու աջակցութեամբ՝ կը փորձէ Հայաստանին ու Արցախին վնասող մթնոլորտ ստեղծել: Ալեքսանտր Լափշինի տխուր պատմութիւնը այս ճիգի դրսեւորումներէն մէկն է, որուն օգուտը, սակայն, Ատրպէյճանի համար խիստ կասկածելի է, պարզ այն պատճառով, որ ինքզինք յարգող ոչ մէկ լրագրող, մանաւանդ եթէ ժողովրդավար երկիրի մը քաղաքացի է, այդպիսի սպառնալիքներ նկատի կ՛առնէ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում