Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիին
Յայտարարութիւն
Զարմանքով իմացանք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է նամակ մը
«ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» ստորագրութեամբ, որ իր զարմանս
մեզի կը յաւակնի խօսիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Սփիւռքի շրջանակներու անունով ներառեալ Նիւ Եորք – Նիւ
Ճըրզիի:
Սոյն պաշտօնական Հաղորդագրութեամբ Ռամկավար Ազատական
Կուսակցութեան Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Վարչութիւնը կ՛ուզէ
հանրութեան յստակացնել հետեւեալ կէտերը.
1. «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» անունով մարմին մը գոյութիւն
չունի 95 ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
կանոնագրութեան մէջ: Նման մարմին մը կեղծ է եւ անօրինական:
2. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունի մէկ ու միակ
ղեկավարութիւն` ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ ընտրուած է
Մայիս 2016-ին քաղաքամայր Երեւանի մէջ ՌԱԿ Ընդհանուր
Պատգամաւորական 27րդ ժողովին:
3. Հայրենիքի մէջ յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք
խորհրդարանական ընտրութիւններու առընչութեամբ Ռամկավար
Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 4
Փետրուար 2017 թուակիր հաղորդագրութեամբ յստակացուցած է
իր կեցուածքը, որուն մէջ յստակօրէն նշուած է թէ, ՌԱԿ ո՛չ ուղղակի
եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի
մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական
ընտրութիւններուն: