Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Մեծապէս կ’ողջունենք ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան որոշումը՝ միանալու «Ծառուկեան» դաշինքին». ՌԱԿ ԳԽ նախագահ

Փետրվար 04,2017 23:05

Լոս Անճելըս¸ 3 Փետր. 2017

Ազգային բարերար¸ քաղաքական կարկառուն գործիչ

ՀՀ Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ

Տիար Գագիկ Ծառուկեան

                                       Երեւան

 

Մեծայարգ

Պարոն Գ. Ծառուկեան

Նախ թոյլ տուէք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի անունով ողջունել Ձեզ գործուն քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու Ձեր որոշման առթիւ եւ մաղթել ուժ¸ կարողութիւն եւ յաջողութիւններ՝ ի խնդիր մեր ազգային զոյգ պետութիւններու եւ բովանդակ մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի ապահովման եւ ազգային իղձերու իրականացումին։

Երկրորդ՝ կ’ողջունենք Ձեր նախաձեռնութիւնը նախընտրական լայն դաշինք ստեղծելու առթիւ։ Արդարեւ¸ Ձեր նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած անկեղծ յարգանքն ու սէրը¸ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին ձեր վայելած լայն ժողովրդականութիւնը իրական հիմք են յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ համաժողովրդական լայն ճակատ ստեղծելու եւ ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս քաղաքական բեղմնաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանք յառաջ տանելու ուղղութեամբ¸ միշտ ի պաշտպանութիւն մեր Մայր հայրենիքի եւ համայն հայութեան շահերու։

Երրորդ՝ ծանօթանալով եւ քննարկելով «Ծառուկեան» դաշինքի Ձեր կողմէ յայտարարուած սկզբունքենրը¸ նախապէս ալ քաջ ծանօթ ըլլալով տարբեր առիթներով Ձեր ունեցած ելոյթներուն¸ այդ սկզբունքներն ու մօտեցումները կը նկատենք նաեւ մերը եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք նոյն ուղղութեամբ աշխատիլ նաեւ Սփիւռքի տարածքին։

Հետեւաբար¸ մեծապէս կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 1991 թ.էն ի վեր պաշտօնապէս եւ պետականօրէն գրանցուած Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան որոշումը՝ միանալու «Ծառուկեան» դաշինքին եւ միասնաբար¸ ձեռք-ձեռքի տուած¸ պատուով յաղթահարելու ընտրութիւններու դժուարութիւնները եւ արժանաւորապէս տեղ գրաւելու յառաջիկայ Ազգային Ժողովին մէջ՝ միշտ ուղղութիւն վերցնելով հայութեան եւ հայկական մեր զոյգ պետութեանց գերագոյն շահերը։

Այդ առաքելութեան մէջ¸ պարոն Ծառուկեան¸ միշտ կրնաք վայելել նաեւ սփիւռքեան կառոյցներուն՝ Մ. Նահանգներ¸ Քանատա¸ Լոնտոն¸ Ֆրանսա¸ Յունաստան¸ Եգիպտոս¸ Իրաք¸ Երուսաղէմ¸ Յորդանան եւ Պէյրութ գտնուող մեր շրջանակներուն աջակցութիւնը¸ մեր «Պայքար»¸ «Ապագայ»¸ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»¸ «Նոր աշխարհ»¸ «Արեւ» թերթերուն¸ ինչպէս նաեւ «Հայ Ձայն» կայքի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ռադիօ եւ հեռուստաժամերուն աջակցութիւնը։

Կրկին անգամ ողջունելով եւ յաջողութիւն մաղթելով Ձեզի¸ այս առթիւ կ’ուզենք հրաւիրել Ձեզ¸ պարոն Ծառուկեան¸ առաջին իսկ պատեհութեամբ այցելելու Մոնրէալ¸ Նիւ Եորք¸ Լոս Անճելըս եւ Երուսաղէմ¸ պատշաճ մակարդակով ներկայացնելու Ձեզ մեր սփիւռքահայ բազմութիւններուն։

Խորին յարգանքներով եւ յաջողութեան մաղթանքներով՝

ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆ

ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728