Յառաջիկայ Ապրիլին Հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն լոյսին տակ` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը երէկ ժողով մը գումարեց՝ քննարկելու համար այդ ուղղութեամբ ՌԱԿ-ի կեցուածքը:
Ժողովին իբրեւ արդիւնք՝ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ՛ողջունէ Հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին ռամկավարական սկզբունքներուն հանդէպ ունեցած հաւատամքը, որ անցնող 25 տարիներուն արտացոլաց կազմակերպելով ու մասնակցելով ժողովրդավարական ընտրութիւններ, ըլլան անոնք նախագահական, խորհրդարանական, թէ տեղական ինքնավարման ընտրութիւններ:
Ժողովրդավարական սկզբունքներով կազմակերպուած ընտրութիւններն են միայն, որ տուեալ ժողովուրդը մասնակից կը դարձնեն իշխանութեան՝ հետեւաբար իր առողջ կառավարման:
Կարդացեք նաև
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը շեշտէ, թէ չի կրնար բարոյապէս անմասն մնալ ու չզօրակցիլ ժողովրդավարական մշակոյթի տարածման եւ անոր առողջ կիրառման մեր Հայրենիքին մէջ: Հակառակ այս փաստին սակայն, ան պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ ներկայ հանգրուանին՝ նկատի ունենալով, որ աշխարհասփիւռ 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը առ այժմ զինք իրաւականօրէն ներկայացնող քաղաքական կառոյց մը չունի Հայրենիքի մէջ, ան ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ քաղաքական կամ ընտրական դաշինքներու միջոցաւ պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ առաջադրուած թեկնածուներ չունի բնականաբար:
Այս առիթով` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ պատմական այս հանգրուանին լաւատեսութեամբ կ՛ողջունէ Հայրենի ժողովուրդը եւ կը խոնարհի ժողովուրդին կամքին առջեւ՝ արդար, խաղաղ եւ թափանցիկ ընտրական գործընթացով ընտրելու զինք լաւագոյնս ներկայացնող թեկնածուներ ի փառս եւ ի յաւերժութիւն մեր ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար Հայրենիքին:
Կեցցէ՛ Ժողովրդավարութիւնը:
Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան
Սերխիօ Նահապետեան