Դժուար է, հաւանաբար, որոշել՝ ճակատագիրի դառն կատա՞կ է արդեօք, թէ պարզապէս պատմական զուգադիպութիւն, որ Ապրիլ 2ի համար որոշուած Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը համընկնին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին. երկու առումով՝ այս տարուան Ապրիլ ամիսը պիտի ըլլայ նշանակալի։
Առաջին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններով ակնկալուող եւ Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեամբ ամրագրուած համակարգային փոփոխութիւնները, որոնք, ըստ փորձագէտներու՝ տեղաշարժի պիտի ենթարկեն հայկական ներքին քաղաքական դաշտը, ըլլայ անիկա մինչ օրս կազմուած քաղաքական դաշինքներու կուսակցական կերպափոխումով թէ պարզապէս խորհրդարանին մէջ քաղաքական նոր ուժերու մասնակցութեամբ:
Երկրորդ՝ այս տարուան Ապրիլ ամիսը յատուկ է այն իմաստով, որ 2016 տարուան նոյն ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմի հետեւանքներն ու անոր պատճառած մարդկային կորուստներու ծանր յիշատակը կը շարունակեն շատ թարմ մնալ զոյգ հանրապետութիւններուն ողջ տարածքին: Հետեւաբար, այս տարուան Ապրիլը իր մէջ պիտի պարունակէ հաւանաբար շա՛տ աւելի՝ այսպէս ասած՝ թանձր քաղաքական լիցք մը, քան՝ նախորդ տարիներն ու ընտրութիւնները:
Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները կամ որեւէ այլ քաղաքական ուժ, ըլլայ անիկա իշխանամէտ թէ ոչ, կ՛ուզեն իրապէ՛ս յարգել ու յաւերժացնել ապրիլեան նահատակներու կտակը, ապա պարտին ամէն գնով արդար ու օրինաւոր ընտրութիւններ կազմակերպել:
Կարդացեք նաև
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում