Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատագամաւոր Կարօ Փայլանի վերջին ելոյթին հետ կապուած Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ին մէջ իր կարծիքը յայտնած Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողան:
Սելինա Տողան նշած է, թէ Կարօ Փայլանի բարձրացուցած խնդիրը նախապէս եւս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկուած էր: «Աւելի առաջ ալ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործուած էր, սակայն ատոր համար պատիժ չէր կիրառուած»,–գրած է Սելինա Տողան` շեշտելով, որ ինչպէս հասարակ քաղաքացիին, այնպէս ալ պատգամաւորին համար խօսքի ազատութիւնը ամենակարեւոր բանն է: Մեզ նեղացնող որեւէ հարց, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, ուրիշ խորհրդարաններուն մէջ խօսուելու փոխարէն պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
Ան կը նշէ, որ ինք դէմ է Կարօ Փայլանի դէմ կիրարուած պատիժին։ “Պատիժը կը խոչնդոտէ խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը»,- գրած է Տողան։
Նշենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելուն համար ենթարկուած էր պատիժի: Զայն ագիլած էին 3 նիստի մասնակցելէ: