Հայաստանի մէջ ծնունդները նուազած են: Անցեալ տարի Հայաստանէն մեկնողներու թիւը աւելի մեծ էր քան ժամանողներունը, բացասական հաշուեկշիռը դարձեա՛լ քառասուն հազարէ աւելի է:
Խնայելու համար մեր ջիղերը, վերջնականապէս արմատախիլ չընելու համար լաւատեսութիւնն ու յոյսը, կրնանք այս լուրերը չհրապարակել: Սփիւռքահայու աչքերով, այս պատկերը ուղղակի մղձաւանջային է: Մենք, հաւանաբար, քիչ մը աւելի զգայուն ենք Հայաստանի բնակչութեան թիւին վերաբերեալ, որովհետեւ ազգի վերապրումի խնդիրին կը նայինք Ցեղասպանութեան ենթարկուածի տեսակէտէն, ուր ամբողջական ոչնչացման սարսափը տիրական կը մնայ:
Վստահ ենք, որ Հայաստանով մտահոգ իւրաքանչիւր հայ, քիչ թէ շատ, նո՛յն զգայնութեամբ կը կարդայ այս թիւերը, կը մտահոգուի, կ՛ընդվզի եւ իր զայրոյթը արտայայտելու տարբեր ճանապարհներ կը փնտռէ:
Յոյսն ու լաւատեսութիւնը համարելով ռազմավարական նշանակութեան արժէքներ, մանաւանդ՝ մեր առկայ պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար, ապա անոնց պահպանման հանդէպ նախանձախնդրութիւնը պէտք է բոլորիս պարտադի՛ր ըլլայ։
Կարդացեք նաև
Պարզապէս լրատու միջոց մը չըլլալու բերումով, «Ասպարէզ» եւս պարտաւոր կը զգայ մեր ընթերցողներուն յոյս ու հաւատք ներշնչել՝ հայոց պայծառ ապագային հանդէպ: Այդ առաքելութիւնը կատարելու համար, մենք կը վստահինք չորս հիմնական տուեալներու.
Առաջին՝ Հայոց յաղթական բանակին.
Երկրորդ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետեւողական ճիգերուն՝ Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւն կատարելու ուղղութեամբ. ծրագիր մը, որուն առաջին նշանակալի արդիւնքները տեսնելու հնարաւորութիւնը պէտք է տան յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում