Գրեթէ երկու ամիս առաջ Հայաստան ներխուժած ու Երեւանը պարուրած սառնամանիք եղանակը հեռանալու տրամադրութիւն չունի: Ահաւո՛ր ցուրտ է, Երեւանն ալ՝ մառախլապատ ու սառցակալած: Ըստ Երեւոյթին՝ 100 տարուան մէջ Երեւանը միայն 4 անգամ այսքա՛ն ցուրտ ու միաժամանակ մշուշածածկ եղած է: Ջեռուցման ծախսերը շատ ծանր կը կշռեն սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն համար: Անապահով խաւը Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 40 տոկոսն է, եւ հարիւր հազարաւոր հայաստանցիներու համար առաջնահերթութիւնը՝ ձմեռը «խէրով-բարով» անցընելն է:
Քաղաքական ուժերը, սակայն, այլ առաջնահերթութիւն ունին: Քաղաքական մթնոլորտը արդէն իսկ վաղուց տաքցած է: Շուրջ երկու ամիս ետք տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ բոլոր կուսակցութիւնները աշխատանքի լծուած են՝ ընտրութիւններուն առաւելագոյն քուէ ապահովելու յոյսով… Հայաստանի մէջ բոլոր ընտրութիւններն ալ վիճայարոյց եղած են… Իւրաքանչիւր ընտրութենէ կամ հանրաքուէէ ետք, ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը քուէարկութեան արդիւնքները դիմաւորած է թերահաւատութեամբ, որովհետեւ համատարած եղած են խարդախութիւնները, զեղծումները, չարաշահութիւնները… Դատարանները ընթացք չեն տուած բողոքներու, կամ՝ ձեւական պատիժներ սահմանած են երկրորդական-երրորդական դերակատարներու, իսկ վերջաւորութեան՝ ժողովուրդը տուն գացած է յուսախաբ ու բարոյալքուած, իր քուէն կողոպտուած ըլլալու դառն զգացումով:
Հիմա, սակայն, իշխանութիւնները կը խոստանան արդար եւ ազատ ընտրութիւններ: Ընտրական նոր օրէնսգիրքը, կ՛ըսեն անոնք, արժանացած է ընդդիմադիրներու հաւանութեան: Այսուհետեւ, ընտրութիւններէն ետք քուէարկողներու անուանացանկերը հասանելի պիտի ըլլան քաղաքական բոլոր ուժերուն, ուրեմն՝ դժուար պիտի ըլլայ քանի մը հարիւր հազարաւոր բացակայ հայաստանցիներու քուէները օգտագործել եւ փոխել քուէարկութիւններու արդիւնքը՝ կը շեշտեն իշխանական ուժերը: Միաժամանակ, նկարահանող սարքեր պիտի դրուին գրեթէ 1500 ընտրատեղամասերու մէջ. ուրեմն, այս ձեւով, հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ ընտրատեղամասերու մեծամասնութեան մէջ խախտումներու կանխումը՝ կը պնդեն անոնք:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում