Անգլերէն լեզուով գրուած եւ 240 էջերու վրայ տարածուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին յիշեալ գիրքին նպատակն է, ինչպէս ինք կը յիշեցնէ գիրքին ներածականին մէջ, մեր դարաւոր եկեղեցին ծանօթացնել օտարներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող մեր երիտասարդութիւնը մօտէն հաղորդ դարձնել մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութիւններուն, արժէքներուն եւ դաւանանքին։ Վեհափառ Հայրապետը փորձած է որոշ չափով հեռու մնալ ակադեմական վերլուծումներէ եւ ժողովրդային մօտեցումներէ՝ փորձելով առաւելագոյն չափով հասկնալի դարձնել թէ՛ իր ոճով, մօտեցումով ու վերլուծումով հայ եկեղեցւոյ առնչուած յատկանշական երեւոյթներն ու դէպքերը։
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը չէ որ ներկայացուցած է Նորին Սրբութիւնը, այլ պատմական խորքի վրայ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան իւրայատուկ երեւոյթները եւ եկեղեցւոյ կատարած առանցքային դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ, միշտ ամփոփ գիծերով, լուսարձակի տակ բերած է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնն ու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնը։ Հետեւաբար, մօտէն հաղորդ ըլլալ այս գիրքին բովանդակութեան կը նշանակէ մօտէն ծանօթ ըլլալ մեր եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի կեանքին ու առաքելութեան։ Գիրքը նաեւ պիտի թարգմանուի արաբերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, սպաներէնի ու իտալերէնի։