Հայոց Բանակի կազմաւորման տարեդարձն է երկու օրէն: Կը շնորհաւորենք մեր յաղթական բանակին տօնը. վստահ եմ, որ այդ օրը հազարաւոր հայկական սեղաններու վրայ բաժակ պիտի բարձրացուի եւ հայրենասիրական կենացներ պիտի խմուին:
Մե՛նք ալ պիտի միանանք այդ կենացներուն, որոնք «հալալ» կենացներ են, եթէ՝
Սահմանը պաշտպանող զինուորներու ծնողներուն ու հարազատներուն ուղղուած օրհնանքներ ու մաղթանքներ են,
Հայոց բանակին գործնական աջակցութիւն ցոյց տուողներուն, բանակի հզօրացման շօշափելիօրէն նպաստողներուն յաւելեա՛լ զօրակցութեան խոստումներ են,
Կարդացեք նաև
Բանակ մեկնելու պատրաստուող երիտասարդներու յանձնառութեան յայտարարութիւններ են,
Բանակին ու զինուորներուն իրաւունքներու, շահերու պաշտպանութեան գործին նուիրեալներու խօսքեր են,
Բանակին դիմագրաւած ճգնաժամային պահերուն՝ դիրքեր հասած, զինուորին կողքին կանգնած կամաւորականներէ են,
Զինուորին երկիրը, հայրենիքը արդար ու բարգաւաճ պետութիւն դարձնելու նպատակին լծուած մարդոցմէ են:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում