Յունուար 23-ին ԱՄՆ ծերակոյտի արտաքին գործոց յանձնաժողովը պաշտպանած է «Էքսոն Մոպիլ» քարիւղային ընկերութեան նախկին ղեկավար Ռեքս Թիլլըրսընի թեկնածութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին:
Քուէարկութեան ընթացքին յանձնաժողովի ծորակուտականներու կարծիքները բաժնուած են ըստ կուսակցական պատկանելիութեան: 11 հանրապետական կողմ քուէարկած են Թիլլըրսընին, 10 ժողովրդավար` դէմ:
Նիւ Ճըրսիի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումին ի պատասխան` Թիլլըրսըն ըսած է. «1915-ի ողբերգական չարագործութիւնները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ցաւոտ խնդիր կը մնան, եւ երկու երկիրներու միջեւ կայուն յարաբերութիւններ կարգաւորելը ԱՄՆ շահերէն կը բխի: Յաղթանակի պարագային ես լիարժէք պիտի ուսումնասիրեմ պատմական իրադարձութիւնները եւ պիտի սկսիմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան` յանուն տարածաշրջանային կայունութեան»:
Ուշադրութիւն դարձնելով Թուրքիոյ մէջ հիմնարար ազատութիւններու ոտնահարումներուն` ԱԳ նախարարի թեկնածուն յստակօրէն հասկցուցած է, որ ինք շատ մտահոգուած է Թուրքիոյ կառավարութեան վերջերս կատարած քայլերով: «Կրօնական ազատութիւնը հիմնական ամերիկեան սկզբունքն է, ինչպէս նաեւ աշխարհի ամէն բնագաւառի ու միջազգային կայունութեան: Յաղթանակի պարագային ես պիտի աշխատիմ Թուրքիոյ հետ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ անոնց մշակութային ժառանգութեան յարգանքին համար»: