Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը հայերէն այբուբենի զարդագիրերով տետրերէն ետք անցած է պայուսակներուն:
«Արաս»–ի կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նոր պայուսակներ հանուած են վաճառքի` հայերէն թռչնագիրերով, որոնց գինը 10 թրքական լիրա (3 տոլար) է:
Թռչնագիրը զարդագիրերու տեսակ է, որուն տառերը թռչուններու պատկերներ ունին: