Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 19-ը հատորը՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» (Գիրք Զ.), Անթիլիաս, 2016, 320 էջ:
Սոյն հատորը շարունակութիւնն է նոյն խորագիրը կրող մատենաշարի նախորդ 5 հատորներուն: Հեղինակը հաւատարիմ մնացած է իր իսկ ստեղծած աւանդոյթին՝ ընթերցողին ներկայացնել Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ վայրերու մէջ թուրքի եւ քիւրտի նախճիրներուն ականատես դարձած ու անոնցմէ հրաշքով փրկուած հայոց յուշագրութիւններուն ամփոփումները: Այդ վկայութիւնները մէկական ամբաստանագիրներ են՝ ուղղուած հայոց դէմ գործուած աննախընթաց ոճիրին հեղինակներուն ու անոնց ժառանգորդներուն: