Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ցեղասպանութիւնը ուրացողն իսկ կը պաշտպանէ Փայլանի արտայայտուելու իրաւունքը

Հունվար 20,2017 10:56

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կարօ Փայլան տակաւին կը մնայ այն փոթորիկին մէջ, որ ստեղծուեցաւ իրեն դէմ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածած ըլլալուն համար։ Թրքական մամուլը լեցուն է այս մասին ակնարկութիւններով եւ մեղադրանքներով։

Յատկանշական է, որ Փայլան նախապէս եւս անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ խորհրդարանի ամպիոնէն խօսած էր Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու դէպի մահ քշուած հայ մտաւորականներուն մասին՝ անոնց պատկերները ցոյց տալով, սակայն այն ժամանակ իրեն դէմ այսքա՛ն մեծ աղմուկ չէր բարձրացած։ Այսօր կան ազգայնամոլ դիրքաւորումով մտաւորականներ, որոնք Փայլանի այդ օրուան ելոյթն ալ կը յիշեցնեն՝ իբրեւ յարձակումի նիւթ։

Կան նաեւ Փայլանը պաշտպանողներ։ Օրինակի համար, Յունուար 17ին հրատարակուած էր Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան մէկ զեկուցումը, որուն մէջ Փայլան յստակ կերպով կը պաշտպանուէր։

Փայլանը պաշտպանող հրապարակագիրներէն մէկը «Ճումհուրիյէթ» թերթի յօդուածագիր Ալի Սիրմենն է, որ Յունուար 17ի իր սիւնակին մէջ ստորագրած էր «Ցեղասպանութեան Մասին Վիճաբանելու Արգելք» խորագրեալ յօդուածը։ Սիրմեն մէկն է այն թուրք մտաւորականներէն, որոնք կը պնդեն, թէ «1915ի դէպքերը» ցեղասպանութեան համազօր չեն։ Ան կը յայտնէ, թէ կարելի չէ ժխտել, որ կարգ մը շրջաններու մէջ հայերու սպանդներ տեղի ունեցած են այդ ժամանակաշրջանին, բայց կարելի չէ զանոնք ցեղասպանութիւն որակել։

Սիրմեն կ՛աւելցնէ սակայն, որ իր այս համոզումը արգելք չըլլար, որ ինք ընդունի, թէ ուրիշներ կրնան հակառակը մտածել։ «Հոս այս հարցին մասին վիճաբանելու ազատութիւն մը պէտք է ըլլայ», կը գրէ ան՝ քննադատելով խորհրդարանին մէջ Կարօ Փայլանի դէմ կատարուած յարձակողական վերաբերումը, ապա իր յօդուածը կ՛եզրափակէ հետեւեալ վերջաբանով.

«Թուրքիոյ խորհրդարանը, որ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ բոլոր փաստաթուղթերը պէտք է մէջտեղ բերուին ու անոնց մասին վիճաբանութիւն պէտք է կատարուի, հիմա լռութեան կը մատնէ ցեղասպանութիւն բառը արտասանողը ու կը պատժէ զայն։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ մեզի բացատրել, թէ այս ի՛նչ տրամաբանութիւն է»։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031