Յունուար 19-ին Դանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման վերաբերեալ բանաձեւ մը պիտի քննարկուի:
Բանաձեւը խորհրդարանի օրակարգ բերեւած է «Enhedslisten», «Liberal Alliance» եւ «Alternativet» կուսակցութիւններուն կողմէ Դանիոյ հայ համայնքի ջանքերով, կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Milliyet» թերթի կայքին` Դանիոյ թրքական կազմակերպութիւնները լայնածաւալ արշաւ սկսած են այս նախաձեռնութիւնը տապալելու նպատակով:
Կը նշուի, որ Դանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն ու լրատուամիջոցներուն նամակներ կ՛ուղարկուին` փորձելով ներկայացնել, թէ իբր ոչ թէ թուրքերը կոտորած են հայերուն, այլ` հակառակը: