Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայ որբերու «Քամփ Արմէն» ճամբարի վերականգնման ճարտարապետական նախագիծը պատրաստ է:
Թրքական «Sondakika-24» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ` ճամբարը համայնքին պիտի ծառայէ իբրեւ երիտասարդութեան եւ արուեստագիտութիւններու կեդրոն` միաժամանակ մնալով որբանոց:
Գետիկփաշայի հայակական աւետարանական եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրամի նախագահ Գրիգոր Աղապելօղլուն յայտնած է, որ աշխատանքները պիտի սկսին, երբ Թուզլայի թաղապետարանը հրաժարի ճամբարի բարեկարգման նախագիծին վրայ գրուած «վարչական տարածք» արտայայտութենէն:
«Այդ պարագային պիտի կարենանք սկսիլ ծրագրի աշխատանքներուն: Ատիկա մեզի համար մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ: Կը ցանկանք, որ իրաւասու մարմինները վայրկեան առաջ այս հարցով զբաղին: Քաղաքապետարանէն ուրախ լուր կը սպասենք», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ «Քամփ Արմէն» հայկական ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող լքեալ ու կիսաքանդ շինութիւն մը է: 8.552քմ տարածք զբաղեցնող «Քամփ Արմէն»-ը 1961-ին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է իբրեւ ամառնային ճամբար` հայկական դպրոցի չքաւոր ու որբ սաներուն համար: Այնտեղ մեծցած են Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը` Ռաքէլը: Յետագային ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն:
2015 թուականին ճամբարի սեփականատէրը որոշած էր քանդել զայն, սակայն հայ համայնքի երիտասարդներու երկարատեւ պայքարին շնորհիւ ճամբարը տրուեցաւ իր իրաւատիրոջը` Գետիկփաշայի հայակական աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: