Կարօ Փայլան Յունուար 13-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ելոյթի ընդհատման եւ երեք նիստի մասնակցութեան իրաւունքէն զրկուելուն պառտճառով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան դիմած է: Փայլան տեղի ունեցածը որպէս անձեռնմխելիութեան իրաւունքի եւ խօսքի ազատութեան խախտում կ՛որակէ, կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
Սահմանադրական դատարան դիմելէն բացի Կարօ Փայլան նաեւ դիմում ներկայացուցած է Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողով (ԹԱՄԺ)` պահանջելով հրաժարիլ կայացուած որոշումէն, քանի որ անիկա կը հակասէ խորհրդարանի ներքին կանոնադրութեան:
«Յունուար 13-ին սահմանադրական փոփոխութիւններու 11-րդ կէտի քննարկումներու ժամանակ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործելու պատճառով իմ ելոյթս խափանուած է: Թէեւ ասկէ առաջ այդ եզրոյթը շատ անգամներ օգտագործած եմ, Գլխաւոր խորհուրդին մէջ ներկայ պատգամաւորները սկսան վիրաւորական խօսքեր տեղացնել, խորհրդարանի նախագահի փոխանորդ Ահմեդ Այտընը շատ կողմնապահ վերաբերմունք դրսեւորեց եւ խօսքի իրաւունքս զաւթուեցաւ: Գոռացողներուն պատճառով չկրցայ տրուած ժամանակահատուածը օգտագործել եւ յաւելեալ հինգ վայրկեան խնդրեցի, որուն ի պատասխան «Ներեցէք, այդպիսի բան չկայ» արտայայտութիւնը հնչեց, խորհրդարանի նախագահութիւնը անվայել կերպով իմ ելոյթս ընդհատեց եւ նիստի ընդմիջում յայտարարեց: Սա սահմանադրութեան լուրջ խախտում եւ ամբիոնի անձեռնմխելիութեան, խօսքի ազատութեան ոտնահարում:
«Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահի փոխանորդի որոշումով «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը հանուած է նիստի արձանագրութիւններէն, եզրոյթ, որ աւելի առաջ տասնեակ անգամներ օգտագործուած է ԹԱՄԺ-ին մէջ` եւ՛ 1915թուականը, եւ՛ այլ դէպքեր բնութագրելու համար: ԹԱՄԺ-ի ներքին կանոնադրութեան 161-րդ կէտի համաձայն` երեք նիստի մասնակցելու իրաւունքէ զրկուած եմ, քանի որ ամբիոնէն «իմ ժողովուրդիս գլխուն եկած աղէտը ցեղասպանութիւն կը կոչեմ» արտայայտութիւնը օգտագործած եմ: Անօրինական պատիժի եւ իմ դէմ իրականացուածներուն պատճառով Սահմանադրական դատարան դիմած եմ, ինչպէս նաեւ դիմում ներկայացուցած եմ ԹԱՄԺ` պահանջելով հրաժարիլ ԹԱՄԺ ներքին կանոնադրութեան հակասող որոշումներէն»,- յայտարարած է Կարօ Փայլան: