«Գանձասար». Սուրիական պատերազմէն, յատկապէս, Հալէպի արհաւիրքէն փախչող եւ Հայաստան ապաստանողներուն տեղացիները յաճախ հարց տուած են. «Ինչո՞ւ եկաք», շարունակելով կրկնուող յանկերգը. «Մենք թողնում գնում ենք, դուք ինչո՞ւ էք գալիս, էս երկիրը երկիր չէ…»: Իսկ հիմա, երբ Հալէպ ազատագրուած է հինգ տարիներէ ի վեր քաղաքը շրջապատած ու ամէն օր հրթիռակոծած ծայրայեղականներէն, վտանգը վերացած նկատելով, կարգ մը հայեր որոշած են վերադառնալ իրենց տուները. հիմա ալ նոյն հայաստանցիները «Ինչո՞ւ կ՛երթաք»ի մը պոչը բռնած են ու կարծես թէ վերադարձողները հայրենալքութեամբ կը մեղադրեն:
«Ինչո՞ւ եկաք»ը դուք չէի՞ք ըսողը, այն ատեն Հայաստանը ապրելու տեղ չէր, իսկ հիմա երբ կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց աւերուած եւ թալանուած տուներուն ու գործատեղիներուն տէր կանգնելու, յանկարծ Հայաստանը քաղցրացա՞ւ, որ գացողները կը քննադատէք ըսելով` չեն մնար ու հաստատուիր, հայաստանցի չեն դառնար…
Նասրէտտին Հոճային պատմութիւնը յիշեցի, էշուն վրայ նստի, կը խօսին, էշէն իջնէ, դարձեալ կը խօսին:
Դեռ կայ աւելի ցաւալին. հայաստանցին կրնայ ըլլալ որ շատ ծանօթ չէ իրադարձութիւններուն ու իրավիճակին եւ մակերեսայնօրէն դատելով վերադառնալ փափաքողները կ՛այպանէ, հապա ի՞նչ ըսել կարգ մը Հալէպ մնացողներուն, որոնք ամէն ինչէ տեղեակ ըլալով հանդերձ, վերադարձողներուն հանդէպ երբեմն լռելեան, երբեմն բացայայտ, արհամարհական վերաբերմունք մը ունին, քիչ մըն ալ վրէժխնդրական` «Եկա՞ք մը»… «Հապա՞, մենք ինչեր քաշեցինք ու հոս մնացինք, դուք փախաք ու հիմա կու գաք, երբ ապահովութիւնը վերահաստատուած է արդէն»… «Է, այո, ի՞նչ կայ ատոր մէջ, մարդկային ամենաբնական անդրադարձն է վտանգէնհեռու մնալը, ասոր մէջ ի՞նչ այպանելի բան կայ: Ի՞նչ պէտք է ընենք, մնացողներուդ պռաւօըսենք, որ չկրցաք, կամ չուզեցիք ելլել…»:
Կարդացեք նաև
Այսպիսի արտայայտութիւններ ականջիս կը հասնին, բայց չեմ ուզեր կողմնակալ ըլլալ, մէկուն իրաւունք տալ եւ միւսը քննադատել:
Ուրիշներ կարօտով եւ գրկաբաց կ՛ընդունին վերադարձողը, այս ալ արձանագրենք:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 2016-ին 516 սուրիահայ հասած է Հայաստան, այստեղ գտնուողներուն թիւը բարձրացնելով… մինչեւ հիմա ստոյգ թիւ մը չկայ, միշտ կը յիշուի 13.000-15.000, սակայն այդ թիւը կ՛ուռճանայ պաշտօնական տեղեկագրութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականաց գրասենեակին ուղղուած նամակներուն մէջ, որպէսզի ըստ թուաքանակի նախարարութիւնը դրամական օժանդակութիւն ստանայ:
Յամենայն դէպս, վերադարձողին կամ Հայաստան մնացողին, Նոր Տարուան առիթով մաղթենք, որ իւրաքանչիւրը, իր որոշումին համար ապագային չզղջայ: Թող տարին ըլլայ բարի ու բարեբեր, թող ամոքուին ցաւակիրները ու նոր ցաւ չտեսնէ ո՛չ Սուրիան, ոչ ալ Հալէպը:
Յակոբ Միքայէլեան
Ի՜նչ լա՜վ կբամբասեք, հարգելի պարոն: