Քանի մը օր առաջ յանկարծ յիշեցի, որ ինքնաշարժիս գոյքահարկը չեմ վճարած եւ եթէ վճարումները անմիջապէս չկատարեմ, տոյժերու եւ տուգանքներու կրնամ ենթարկուիլ: Ոստիկանութեան եւ կառավարական գրասենեակներու հետ հարցեր լուծելու գաղափարն իսկ քուն փախցնելու չափ սարսափելի էր ինծի համար, ուստի որոշեցի անմիջապէս, նոր տարուան աշխատանքային առաջին իսկ օրը, նոյնիսկ հանապազօրեայ հացէն հրաժարելով՝ երթալ եւ կատարել անհրաժեշտ մուծումները:
Առաջին գործս եղաւ ինքնաշարժիս մէջէն վերցնել սեփականութեան քարտը, Հայաստանի մէջ ծանօթ՝ «տեխպասպորտ» անունով: Սարսափս գագաթնակէտին հասաւ, երբ կէս ժամ ինքնաշարժս տակն ու վրայ ընելէ ետք անդրադարձայ, որ տեխպասպորտը կորսնցուցած եմ եւ նոյնիսկ իրաւունք չունիմ առանց այդ քարտին ինքնաշարժ վարելու…
«Ա՜յ քեզ փորձանք, այս ի՞նչ վատ նոր տարուան սկիզբ էր, սա արդէն լաւ նշան չէ՛», մտածեցի եւ հեռաձայնեցի այսօրինակ հարցերու գիտակ վարորդին, իմ նախկին աշխատակիցներէս՝ Վլադին:
«Շե՛ֆ ջան, դա էդքան էլ մեծ պրոբլեմ չի, անձնագիրդ վերցնում գնում ես աւտոների գրանցման կենտրոն, մի քիչ փող ես մուծում, եւ տեխպասպորտը նոյն օրը տալիս են», բացատրեց Վլադը:
«Չէ՛, չէ՛, չեղաւ, Վլա՛դ, այդ գրասենեակներուն հետ չեմ ուզեր գործ ունենալ… Այլ լուծում չունի՞նք», լեղապատառ հարցուցի ես: Պատասխանը, ի հարկէ, «ո՛»չ էր, անձամբ պէտք էր երթայի այնտեղ եւ լուծէի այս հարցը:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում