Սիրելի հայրենակիցներ ու բարեկամներ,
Մեծ հաճոյքով կը փափաքինք ձեզ հետ բաժնեկցիլ՝ Արիս Պապիկեանի թեկնածութեան որոշումը, մասնակցելու ու մրցելու յաջորդ նահանգային Յառաջդիմական-Պահպանողական (Progressive Conservative) կուսակցութեան պաշտօնակարգութեան Scarborough Agincourt ընտրատարածքէն ներս:
Այս պաշտօնակարգութեան արդիւնքին համաձայն՝ պիտի ճշդուի ջահակիր ներկայացուցիչը Յառաջդիմական Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածուն՝ յաջորդ նահանգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որ նախատեսուած է 2018-ին:
Scarborough-Agincourt ընտրատարծքը կ՛երկարի հարաւէն Hwy. 401-էն հասնելով հիւսիս Steeles Ave, Արեւելքէն Victoria Park Ave-էն մինչեւ Midland Ave.: Որեւէ քաղաքացի, ըլլայ PR (permanent resident) կամ լիիրաւ Գանատական քաղաքացի, որ կը բնակի այս շրջանին մէջ եւ 14 տարեկանէն վեր է, կրնայ անդամ արցանագրուիը տեղական Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան շարքերուն ու քուէարկել պաշտօնակարգութեան ժողովին:
Արիս Պապիկեան աչքառու ու հիմնական ներդրում ունեցած է Գանտայի հայկական գաղութին կեանքէն ներս:
Անխոնջ 32 տարիներու ծառայութեան ընդմէջէն, 4 տարիներ ան գործած է որպէս պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանտայի Հայ Դատի գրասենեակին՝ Օթաուայի մէջ:
Իր անզուգական մասնակցութիւնը բերած է հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, ուսուցման ու յիշատակման աշխատանքներուն: Ան եղած է ամենէն գործօն անձնաւորութիւններէն մէկը, որ աշխատեցաւ ի նպաստ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման Գանատական կառավարութեան կողմէ եւ ծերակոյտէն եւ երեսփոխանական պալատէն ներս: Աւելին, իր զգալի ներդրումը ունեցած է British Columbia նահանգի ցեղասպանութեան ճանաչման:
Արիսի առանցքային դերը մանաւանդ ուշագրաւ է Թորոնթոյի շրջանի Պետական Դպրոցներու Ուսումնական Խորհուրդի (Toronto District School Board) այն նախաձեռնութեան, ուր հայկական ցեղասպանութիւնը, ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու, ինչպիսի Ռուանտայի, Հրեական ողջակիզման, որպէս դասաւանդման նիւթ ուսուցանելու որոշում առնուեցաւ, Թորոնթոյի պետական երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան համար: Ան, գործնական եւ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս երբ անդամ դարձաւ այն յանձնախումբին որ մշակեց դասաւանդման ծրագիրը:
Ան նաեւ, իբրեւ սկաուտ, մարզիկ ու երիտասարդականի պատասխանատու, իր բաժինը բերած է անոնց դաստիարակութեան: Այսօր, այդ պատանիներէն շատեր պատասխանատու ու առաջնորդ դէմքեր դարձած են իրենց ընկերութեան ու համայնքէն ներս:
Անցնող 38 տարիներուն, Արիս ժրաջանօրէն իր մասնակցութիւնը բերած է Գանատական քաղաքական եւ բազմամշակութային (Multicultural) միջոցառումներուն ու ծրագիրներուն: Իր մասնակցութիւնը ընդգրկած է ընկերային ծառայութեան, ուսումնական, գաղթականական, մշակութային եւ այլ մարզերու ոլորտներուն մէջ:
Արիսը, իբրեւ հանրային գործիչ, զանազան թեմաներու շուրջ իր մասնագիտական ներդրումը բերած է համագումարներու մասնակցութեամբ, լրատուամիջոցներու իր յօդուածներով, հեռուստացոյցերու ու ռատիօ հաղորդումներու հանդիպումներու ճամբով, առաւել դասախօսական ելոյթներու ընդմէջէն:
Իբրեւ քաղաքացիութեան դատաւոր ան բանախօսած է մարդկային իրաւանց, Գանատական արժէքներու եւ աւանդութեան թեմաներու մասին:
Վերոյիշեալներու առընթեր, ան անդամ եղած է Գանատական Բազմամշակութային Խորհուրդին: Այս խորհուրդը կը բաղկանայ Գանատական ընկերութեան մէջ գործող զանազան բազմամշակութային կազմակերպութիւններէ:
Գանատական կառավարութիւնը որպէս գնահատանք իր բերած քաղաքացիական եւ հանրային աշխատանքներուն, զինք նշանակած է Քաղաքացիութեան դատաւոր, որուն միջոցաւ ծառայած է ժողովուրդին յաջորդական 6 տարիներ:
Աւելին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը իրեն պարգեւատրած է Ոսկի մետալով, որպէս գնահատանք Գանատահայութեան իր մատուցած ծառայութիւններուն:
Այլ Գանատական կազմակերպութիւններ, իրենց երախտագիտական յարգանքը ցուցաբերած են Արիսի ծառայութիւններուն եւ անսակարկ նուիրումին ու ժրաջան մասնակցութեան Գանատական հանրային կեանքի զարգացման:
Սիրելիներ,
Կը խնդրուի ձեր օժանդակութիւնը բերել Արիսի յաջողութեան, իբրեւ թեկնածու գալիք նահանգային ընտրութիւններուն: Ձեր անդամակցութիւնը այս տարծքաշրջանի Պահպանողական կուսակցութեան խմբակին կենսական է Արիսի յաջողութեան:
Կանխայայտ կը գնահատենք ձեր ցուցաբերած զօրակցութիւնը այս ազգային եւ ազնուական աշխատանքին: Ամէն առիթով պատրաստ ենք պատասխանելու ձեր հարցումներուն:
Հաճեցէ՛ք կապուիլ մեզ հետ հետեւեալ համարներուն՝
Cell: 416 720 1621
E-mail: [email protected]
Ջերմօրէն՝
Արիս Պապիկեանի Պաշտօնակարգութեան Զօրակցութեան Խմբակ