2016-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումէն ետք Կ. Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի յայտարարութիւնը մեծ զայրոյթ պատճառեց համայն հայութեան, մինչեւ իսկ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ։
Թրքական իշխանութիւններու հաճոյակատար թուելու համար արտասանուած Արամ Աթէշեանի խօսքերը ցաւէն ալ անդին զայրոյթ յառաջացուցին աշխարհասփիւռ հայութեան, քանի դեռ հազիւ տարի մը առաջ 2015-ին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ մեր 1,5 միլիոն անմեղ նահատակները սրբադասուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ (Հ.Ա.Ե.) կողմէ։
Ուրեմն, սոյն յայտարարութեան հետեւեցաւ երկու տեսակէտներու բախումը հասարակութեան մէջ։
Մինչ հայ ժողովուրդին գերակշիռ մասը կը պախարակէր Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդին այս արարքը, նոյնիսկ ոմանք իր խօսքերը սրբապղծութիւն համարելով կը պահանջէին անոր փիլոնազուրկ (կարգալոյծ) հռչակուիլը, միւս կողմէ ուրիշներ Արամ Ա. Աթէշ-
եանի կեցուածքը կը փորձէին արդարացնել, պատճառաբանելով որ ան իբր Կ. Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ, իր հօտը պաշտպանելու համար ուրիշ կերպ չէր կրնար արտայայտուիլ այսօրուան թրքական ցեղապաշտ հանրապետութեան մէջ եւ… այն ալ «Սուլթան Էրտողան»-ի օրօք։
Շարունակելէ առաջ, յետադարձ ակնարկով համառօտ կերպով ներկայացնենք Կ. Պոլսոյ աթոռին ծագումը։
Ի տարբերութիւն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի, Կիլիկիոյ Սիսի կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմքը դրուած է ոչ թէ հայ արքունիքի, այլ Կ. Պոլիս քաղաքը գրաւող սուլթան Մեհմետ Բ.ի կողմէ: Ճկուն քաղաքագէտ Սուլթանը իր մտերիմներէն Պուրսայի եպիսկոպոս Յովակիմին 1461-ին Կ. Պոլսոյ մէջ հայ միլլէթին պատրիարքութիւնը շնորհելով կը հասնէր իր հետապնդած երկու նպատակներուն։
– Այս քայլով Սուլթանը Կ. Պոլսոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հմայքը, որ պատմութեան մէջ համահաւասար էր Վատիկանի կաթողիկէ պապի աթոռին, կը նսեմացնէր՝ Կ. Պոլսոյ մէջ գերակշիռ գաղութ մը անգամ չկազմող եւ պատմութեան մէջ Հ.Ա.Ե. համար մասնաւոր կրօնական նշանակութիւն չունեցող հայ գաղութին պատրիարքական աթոռ մը շնորհելով:
– Այս պատրիարքութիւնը ստեղծելով՝ Սուլթանը թունաւոր նուէր մը կ՚ընէր իր հայ հպատակներուն։ Քաջ գիտակցելով հայ միլլէթին իր եկեղեցւոյ եւ կղերին հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնը, այս որոշումով Սուլթանը շատ աւելի կը դիւրացնէր Անիի եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումէն ետք քաղաքական իշխանութիւնը կորսնցուցած անտէր հայութիւնը ա՛լ աւելի իրեն հպատակեցնելու եւ աւելի դիւրութեամբ հսկելու գործը՝ պատրիարքական աթոռին միջոցաւ:
Յաւելեալ, այդ ժամանակաշրջանին Հայը շատոնց հրաժարած էր իր երբեմնի պատմական, ռազմական եւ քաղաքական ունակութիւններէն եւ դարձած՝ թրքական իշխանութիւններուն հլու հնազանդ մշակ, հողագործ, արհեստաւոր կամ վաճառական: Հեռու մնալ քաղաքական գայթակղութիւններէ, հնազանդիլ օտար իշխանութեան եւ աղօթել իր եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ գոյատեւման միակ երաշխիքն էր։
Այսինքն, պէտք է ընդունինք, որ ազգային եկեղեցւոյ սկզբունքներուն հակառակ, օտար քաղաքական իշխանութեան կողմէ ստեղծուած հաշմանդամ աթոռ մը ըլլալով է, որ լոյս աշխարհ եկած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը։
Այսօր ի՞նչ փոխուած է մօտ չորս ու կէս դար օսմանեան կայսրութեան եւ 1923-ի Թուրքիոյ հանրապետութեան հռչակումէն ետք: Եթէ կրկին ու կրկին մանրամասն ուսումնասիրենք մեր ազգի, Կ. Պոլսոյ աթոռի եւ գաղութի դարաւոր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ եթէ մէկ կողմ դնենք մեր մէկ դար առաջ ապրած ազգային զարթօնքը, էականօրէն ոչինչ փոխուած է։
Սուլթան Մեհմետի եւ Յովակիմ եպիսկոպոսի բարեկամութեան օրէն՝ այսինքն 1461-էն ի վեր Կ. Պոլսոյ նոյնիսկ ազնիւ, իմաստուն, մտաւորական կամ հմուտ վարչական պատրիարքները պարտաւոր եղած են առաջնորդելու իրենց հօտը միշտ երկու անդունդի միջեւ։ Այսինքն, մէկ կողմէն հնազանդելով հանդերձ թրքական իշխանութիւներուն՝ խուսափիլ անոնց պաշտօնական խօսափողը եւ խամաճիկը դառնալէ, եւ միւս կողմէ՝ տէր կանգնիլ գաղութին, այլապէս՝ հնարաւորինս հնարքներ գտնել մեր գլխուն փաթթուած թակարդին մէջ։ Հարցը աւելի լաւ ըմբռնելու համար, կ՚արժէ ուսումնասիրել Օրմանեան պատրիարքի «Ազգապատում»-ը։
Հիմնական փոփոխութիւնը, որ կայ հետեւեալն է. եթէ նախկին դարերուն պատրիարքութիւնը կը ներկայացնէր Արեւմտահայաստանի մէջ տարածուած միլիոնաւոր հայութիւն, ներկայիս Արեւմտահայաստանը դատարկուած է եւ պատրիարքութեան ենթակայ է հազիւ յիսուն կամ վաթսուն հազարնոց թրքահայութիւնը:
Այսինքն, մենք այդ երկրին մէջ բացառութեամբ ազգային Սահմանադրութեան փորձի սկզբնական շրջանէն, երբեք չենք ունեցած պաշտօնական քաղաքական (յատկապէս 1936-էն ի վեր), ոչ ալ իրապէս պաշտօնական կրօնական ներկայութիւն։ Պատրիարքը այսօր ոչ մէկ լիազօրութիւն ունի նոյնիսկ թաղային եկեղեցիներու վարչութեանց նկատմամբ:
Ա՛լ աւելի ցաւալի է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին կացութիւնը՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի նկատմամբ։ Իբր «անկախ» աթոռ՝ անոր հետ չունի եւ չի կրնար ունենալ որեւէ ձեւի իսկակա՛ն պաշտօնական կապ եւ կողմերու յարաբերութիւնները պարտին մնալ զուտ ձեւական, դաւանական կամ հոգեւորական գետնի վրայ։
Ուրեմն մեզի համար հարցը հետեւեալն է. ի՞նչպէս ընել մեր գլխին փաթթուած այս դարաւոր թակարդէն ձերբազատելու համար։ Եթէ անշուշտ ցանկութիւնը եւ կամքը ունինք։
Կա՛մ պիտի շարունակենք մնալ օտար իշխանութեան քմահաճոյքին ենթակայ, կա՛մ ալ վերջապէս քաջութիւնը պիտի ունենանք մեր ապագան ու ճակատագիրը մեր ձեռքով տնօրինելու: Նոր վարչաձեւ եւ կարգավիճակ մը ստեղծելով կրնանք պատրիարքին, աթոռին եւ գաղութին վրայ եղող ճնշումը նուազեցնել: Ժամանակը եկած է, եթէ արդէն ուշ չէ, որ նախ մեր պոլսահայ քոյր-եղբայրները լրջօրէն մտածեն ա՛յս հարցին եւ ոչ թէ՝ տարիներէ ի վեր ձգձգուող պատրիարքական ընտրութիւններու մասին։
ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՅՍՏԱԿ
ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿ
Ա. – Փորձել ունենալ թրքահայ համայնքին քաղաքական կարիքները հոգացող ընտրեալ ներկայացուցչական աշխարհիկ մարմին մը։
Բ. – Փոխարինել Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը ոչ աւելի նուազ պատուաւոր Հ.Ա.Ե. Թուրքիոյ առաջնորդարանի աթոռով մը, ինչպէս է պարագան՝ Ամերիկայի, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի…, որպէսզի Թուրքիոյ հայ համայնքը կարենայ նաե՛ւ վարչական ամուր կապեր հաստատել Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ։
Այս երկու առաջակները կը միտին թուլացնելու թրքահայութեան եւ հետեւաբար հայութեան վրայ թրքական իշխանութիւներու ճնշումի լծակները:
Մեր մէջ շատեր համաձայն պիտի չըլլան այս առաջարկին, քանի որ ան իրենց համար նախ վրդովեցուցիչ —չըսելու համար գայթակղեցուցիչ— պիտի ըլլայ: Նաեւ այս առաջարկը կրնայ բախիլ իրաւական դժուարութիւններու՝ կապուած պատրիարքութեան պատկանող կալուածներուն: Աւելի՛ն, գիտակից եմ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի փորձեն «ինքնավարութեան» միտող այս փորձը խանգարել:
Ի վերջոյ հիմնական հարցը հետեւեալն է. թրքահայ համայնքը արդեօք կը փափաքի՞ իր ճակատագրին տէր դառնալ եւ ըլլալ աւելի ներդաշնակ՝ համայն հայութեան եկեղեցական կառոյցին։ Եթէ իրական քաղաքական կամք դրսեւորուի՝ կը յաղթահարուին բոլոր դժուարութիւնները:
Այս իմաստով հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել ձեր տարբեր կարծիքներն ու առաջարկները «Նոր Յառաջ»-ի մէջ, թէ այլուր:
Գրեց՝ Նուպար Սերովբեան
«Նոր Յառաջ»
10-ը հունվարի