Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ՝ թէ որակապէս իրարմէ որքանով կը տարբերին մեր խօսուածքները, բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը:
Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած են իբրեւ միեւնոյն ազգային լեզուի գրական տարբերակները, որոնք կազմաւորուած են պատմաքաղաքական եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ, ծառայած՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, նպաստած մեր մշակոյթի զարգացման ու ժառանգաբար հասած մինչեւ մեր օրերը՝ իւրաքանչիւրը իր տարածաշրջանին մէջ կամ խառն ի խուռն, ինչպէս է պարագան մերօրեայ քանի մը գաղութներուն:
Գրական հայերէնի արեւմտեան ճիւղը Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցած ըլլալով իր զարգացման բնական միջավայրը՝ գոյատեւելու խնդիր ունի, իսկ արեւելեան ճիւղը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փաստօրէն պետական լեզու դառնալով զարգացման աւելի նպաստաւոր պայմաններ ձեռք բերած է: Ասիկա սակայն հարցականի տակ չի դներ արեւմտահայերէնի գոյութեան իրաւունքը: Անիկա աշխարհասփիւռ արեւմտահայութեան ինքնութեան պահպանման, գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման, մասամբ նաեւ գիտութեան ու աշխարհաճանաչման ընկալման, հաղորդակցութեան լեզու է ու իբրեւ Հայ Դատի անմիջականօրէն կրող զանգուածի լեզու, յանուն ազգային գերագոյն իտէալներու, դատապարտուած է կենդանի մնալու՝ առանց տարանջատուելու գրական հայերէնի արեւելեան ճիւղէն: Մեր գրական լեզուի երկու տարբերակները այս հանգրուանին մէջ տակաւին դատապարտուած են առանձին գոյատեւելու, բայց ընդմիշտ մերձեցման ու չօտարուելու միջոցներ ստեղծելով եւ իրագործելով:
Հայ մտաւորականութիւնը գրական երկու ճիւղերը ընդունած է իբրեւ պատմական իրողութիւններ. ոչ ոք առաջադրած է մերժել մէկը եւ ընդունիլ միւսը: Զարթօնքի, իրապաշտ ու նախաեղեռնեան սերունդներու մեր գրողները անկաշկանդ կերպով աշխատեցան իրենց ի գործ ղրած գրական լեզուի տարբերակը զարգացնելու, կանոնակարգելու գործը՝ առաւել կամ նուազ չափով օգտուելով գրաբարի, միջին հայերէնի ու իրենց կրած բարբառներու ատաղձէն, մեր լեզուի ներքին զարգացման բոլոր հնարաւորութիւններէն: Ատոր ապացոյցն է, որ նախաեղեռնեան սերունդի մեր երկու գրական լեզուներն ալ հասան բառապաշարի հարստացման, լեզուի արտայայտչական միջոցներու զարգացման, քերականութեան կանոնակարգման ու կայունացման ցանկալի մակարդակի: Ու այդ գործընթացին մէջ շատեր թելադրեցին գրականները մօտիկցնելու ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները նուազեցնելու սկզբունքը եւ անով առաջնորդուեցան: Ահաւասիկ ատոր հետեւանքով է, որ թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւալահայ գրականները ուղղագրութեան բարեկարգման բոլոր վէճերուն մէջ միացան ընղհանրական կանոնակարգի մը շուրջ ու դուրս մղեցին այնպիսի բարբառային առանձին երեւոյթներ, որոնք աւելի եւս պիտի ընդլայնէին անդունդը (ինչպէս արեւտահայերէնի շարունակական ներկայի կոր-ը, ստորադասականի նէ-ն, յոգնակի ստացականութեան նիս, նիդ, նին մասնիկները, արեւելահայերէնի օժանդակ բայի ա տարբերակը, ցուցական դերանուններու էս, էդ, էն տարբերակները եւ այլն): Տիրապետող կեցուածք ստեղծուեցաւ շեշտուած բարբառայնութեան դէմ, որուն հետեւանքով շեշտակի փոփոխութիւն կը նկատուի կարգ մը գրողներու վաղ ու յետին շրջանի ի գործ դրած լեզուական որակներուն միջեւ (Պերճ Պռօշեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Աւետիք Իսահակեան. արեւմտահայոց մէջ Թլկաատինցիէն Զարդարեան անցումով լուծուեցաւ բարբառայնութեան խնդիրը): Բոլորը գիտէին լեզուի բառապաշարի հարստացման մէջ օտարամուտ եզրոյթներու անհրաժեշտութիւնը, բայց կը նկատէին նաեւ մէկ կողմէ գերակայ լեզուներու ու միւս կողմէ մեր գրական լեզուներու բաղաձայնական համակարգի տարբերութիւններէն յառաջացած այդ շերտի բառամթերքի տարանջատիչ էութիւնը: Կեցուածք ստեղծուեցաւ օտար եզրոյթներու փոխարէն հայերէնի բառակազմական հնաւորութիւններէն օգտուելու եւ հայերէնը ազատելու այդ օտարումի ծառայող բեռէն: Ասոր մէջ կը մտնէին նաեւ արեւելեան լեզուներէն բարբառներու միջոցով յատկապէս արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ մուտք գործած բառերու հսկայ քանակը հայերէնով փոխարինելու անհրաժեշտութիւնը (ազիզ, ղուրբան, եարա, բալա, թաւա, շիրա եւ այլն):
Կարեւոր է նշել, որ նախաեղեռնեան շրջանին մեր երկու հատուածները մամուլէն դուրս նաեւ գործակցութեան անմիջական բեմեր ալ կրցան ստեղծել: Քաղաքական պայմաններու բերումով հալածական արեւմտահայ թատրոնը կ՛երեւէր Թիֆլիսի մէջ: Արեւմտահայ գրողներ կը ստեղծագործէին ու ճամբայ կը բանային արեւելահայոց մէջ (Ծերենց, Շանթ, Առանձար), իսկ արեւելահայ գրողներ՝ արեւմտահայ շրջանակներու մէջ (Շիրվանզադէ, Ահարոնեան, Իսահակեան): Եւ ասիկա բնականաբար պիտի երեւար գրական լեզուներու մերձեցման ոլորտին մէջ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք սկզբնաղբյուր կայքում