«Գանձասար». 6 Յունուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ հալէպահայ երեք համայնքապետներն ու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Բացման իր խօսքով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ ժողովականներուն, ապա նշեց, որ վեհափառ հայրապետը այս տարի «Վերակագնումի Տարի» հռչակեց ու մենք վերականգնումը կը սկսինք սուրիահայութեան պատմական մայրաքաղաքէն, սփիւռքահայութեան մայրաքաղաք Հալէպէն` վեհափառ հօր պատգամով:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովականներուն նշեց, որ երէկ եւ այսօր տեղի ունեցած արարողութիւններուն ու խուռներամ բազմութեան ներկայութեան ի տես վկայեցինք, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է ու միասնակամ՝ իր երեք համայնքապետներով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, ապա անդրադարձաւ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպման ու ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին նախագահը շեշտած է Սուրիոյ ժողովուրդին յարգանքն ու սէրը հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Նորին սրբութիւնը անդրադառնալով «Վերականգնումի Տարուան», ըսաւ որ թէեւ սուրիական պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, սակայն Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի, այնուհետեւ ան ազգային մարմինները յորդորեց նուիրուիլ Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն, նշելով որ վերականգնումը սոսկ շինարարական աշխատանքի չի կարօտիր, այլ հոգեփոխութեան ու վերակազմակերպման։ Դիտել տալով որ սուրիահայ բոլոր կողմերը ձեռք-ձեռքի, միասնականութեան նոյն ոգիով պէտք է լծուին վերականգնումի աշխատանքին՝ քաջ գիտնալով որ ողջ հայութիւնն ու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրենց կողքին պիտի ըլլան, նեցուկ կանգնելով ու զօրավիգ հանդիսանակով իրենց բոլոր ծրագիրներուն։
Կարդացեք նաև
Վեհափառ հայրապետին խօսքէն ետք, սրբազան հայրը տագնապահար Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սուրիահայութեան վերականգնումին ուղղուած կոչը:
Ապա սրբազան հայրը նշեց, որ վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը ինքնին կը վկայէ, որ սուրիահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը եզակի սէր ու յարգանք կը վայելեն նորին սրբութեան մօտ: Այնուամենայնիւ, վեհափառ հօր սրտին մէջ սուրիահայութեան ներկայութիւնը ամրագրելու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայտելու համար, սրբազան հայրը, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին եւ մարմիններուն անունով, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Շքանշան»ով պարգեւատրեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:
Նորին սրբութիւնը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելէ ետք, իր կարգին եպիսկոպոսական ոսկեայ մատանիով պարգեւատրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Սարգիսեանը՝ սուրիահայութեան տագնապի ողջ ընթացքին իր նուիրեալ ու անձնուրաց ծառայութեան համար: