Հայաստանեան աղբիւրներէ կ՛իմանանք եւ սիրով «Ասպարէզ»ի մէջ կ՛արձագանգենք Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի՝ Լոս Անճելըսի մէջ մշակութային գործիչներու եւ գործարարներու հետ ունեցած հանդիպման մասին:
Մենք տեղեակ չէինք, թէ մեր երկրի մշակոյթի նախարարը Լոս Անճելըս կը գտնուի: Կ՛ենթադրենք, որ ան անձնական այցելութեամբ է այստեղ եւ այս առիթը օգտագործած է՝ նման հանդիպում մը կազմակերպելու ու իր ծրագիրները ներկայացնելու համար շրջանիս մշակութային եւ գործարար ընտրանիի մը:
Մեր կառավարութեան անդամներուն մեծ մասը, նիւթապէս անկախ մարդիկ ըլլալով՝ բաւական ազատ կրնան շարժիլ, ճամբորդել, հրաւէրներ կազմակերպել ու իրենց գործունէութեան մասին հետաքրքրութիւն ստեղծել: Կ՛ողջունենք այս նախաձեռնութիւնները, սակայն կ՛առաջարկենք, որ հետագային այսպիսի հաւաքներ աւելի՛ ընդգրկուն ըլլան, աւելի ծրագրուած կազմակերպուին, որպէսզի անտեսուածներ ու մոռցուածներ չըլլան: Հասկնալի է, որ նախարարը անձնապէս որքա՛ն ալ լայն միջոցներու տէր ըլլար, պիտի չկարենար Լոս Անճելըսի մշակութային գործիչներուն նոյնիսկ մէկ փոքր մասը ճաշով հիւրասիրել: Ուրեմն, ճաշկերոյթին հրաւիրուած էր որոշ շրջանակ մը միայն, որուն արժանաւորութեան մասին նուազագոյն իսկ կասկած չունինք:
Այս պարագային, լրատուութիւնը միայն քիչ մը խնդրական կը դառնայ: Երանի՜ թէ այս այցելութիւնը մնար անձնական, եւ նախարարութիւնը այս ճաշկերոյթին մասին լուրը չհրապարակէր: Հայաստանեան պետական որեւէ ձեռնարկ՝ այս ափին վրայ, պէտք է նպաստէ համախմբան գործին, իսկ մշակոյթի նոր նախարարը կրնա՛ր այս ուղղութեամբ կարեւոր դեր խաղալ:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարեզ» օրաթերթի խմբագրական