Ժողովուրդով եւ կառավարութեամբ մենք կ՚ընթանանք ապահովելու թէ՛ նոր յաղթանակներ՝ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ թէ ճիշդ լուծումները գտնել մեր հայրենիքի բարգաւաճման կնճռոտ խնդրին։շ
Այս բոլորը շատ լաւ։ Սակայն, ի՞նչ ըսել այն մարդոց, որոնք հակառակ իրենց վայելած հանգամանքներուն, ոչինչ ըրին մեր յաղթանակներու ընդարձակման եւ ցաւերու դարմանման մասին։ Անոնք պարզապէս խօսեցան, ճառեր արտասանեցին եւ մամուլով գրութիւններ հրապարակեցին՝ պախարակելու ամէն ինչ։ Այս տեսակ մարդիկ կարծեցին թէ մեր ժողովուրդը կը մոռնայ իրենց պատասխանատուութիւնը իբրեւ երբեմնի ղեկավար թէ հրապարակագիր։
Ո՞ւր էին աս մարդիկը երբ Թալիշի մէջ մեր տղաքը կը պայքարէին իրենց ատամներով։ Ո՞ւր էին այս մարդիկը, երբ մեր ժողովուրդը կարիքը ունէր իրենց «փորձուած», «մասնագէտ» եւ «հրապարակագիր» ներդրումներուն։
Այո՛, քննադատելը դիւրին է այս մարդոց համար, սակայն լուծումներ եւ սեւ աշխատանքի մէջ սեփական արիւն եւ քրտինք թափելը այլ հարց է։
Կարդացեք նաև
Հետեւաբար, մենք ականատես կ՚ըլլանք նման մարդոց ելոյթներուն եւ տարեվերջի վերլուծական գրութիւններուն, որոնք պարզապէս կու գան ապացուցելու իրենց քաղաքական դատարկաբանութիւնը եւ գաղափարական սնանկութիւնը։
Այս մարդոցմէ մէկը կը յայտարարէ թէ պէտք է հողը վերադարձնել, որպէսզի մենք մեր փորերը կշտացնենք։ Ուրիշ մը կը գրէ թէ մինչեւ հիմա ինչ որ ըրինք սխալ է, սխալ է մանաւանդ հայ բանակայինին հազար դրամ յատկացումը։ Տակաւին այս տեսակ մարդիկ մինչեւ իսկ կը հերոսացնեն ու կ՚արդարացնեն մարդոց, որոնք զոհ դառնալով արտաքին սադրանքներու հայոց պետութեան ոստիկանատունը գրաւելու եւ ոստիկաններ սպաննելու հակաօրինական արարքը գործեցին։
Կրկին անգամ, այս բոլորը շատ լաւ։ Մարդիկ փորի ցաւ ունին։ Մարդիկ այլ ճղճիմ հաշիւներ ունին, որոնք ըստ իրենց գերակայ են հայրենի հողի պաշտպանութեան ու ժողովուրդի ցաւերու հոգատարութեան առաջնահերթութիւններէն։
Բայց այս մարդիկը պահ մը կ՚անդրադառնան թէ ինչի՞ մասին կը խօսին, ինչի՞ մասին կը գրեն։
Մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը կը դիմակալեն լուրջ վտանգներ, լուրջ հարցեր։ Սակայն, խօսքի ազատութեան պատրուակին ներքեւ այս մարդիկը իրենց ելոյթներով եւ հրապարակագրութիւններով կը փորձեն իրենք իրենց հերոսացնել՝ առանց վտանգելու իրենց կեանքը՝ Թալիշի ճակատներուն վրայ։ Այս մարդիկը խօսքի ազատութեան քօղի ետին գրչեայ սուրեր կը ճօճեն վարքագծային հարցերու ուղղութեամբ, որոնց մասին քաղաքական ու մտաւորական դոյզն իսկ գիտելիքները ընկալած են։
Հետեւաբար, մենք ականատես կ՚ըլլանք մեր հայրենիքի հարցերու ու ցաւերուն նկատմամբ քննարկումներու ուղղութեան մը, որ զարտուղի է, խորթ է, անընդունելի է։ Այս ուղղութիւնը ապականող, մաղձոտ եւ ժխտական մօտեցումներով օժտուած է։ Այս ուղղութիւնը արտաքին ապսպրանքներու թէ անձնական ճղճիմ հաշիւներու խոստովարանն է։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում