«Գանձասար». Արամ Ա. կաթողիկոս սուրիահայութեան զօրակցութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը դրսեւորեց հովուապետական այցելութիւն շնորհելով իր հօտին:
Արդարեւ, վեհափառը Անթիլիասի Մայրավանքէն յատուկ պատուիրակութեամբ նախ ուղղուեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոս, Չորեքշաբթի, 4 Յունուարի առաւօտուն, պաշտօնապէս հանդիպելու համար Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նախագահին՝ Պաշշար Ասատին:
Սուրիական սահմանին, Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ: Շքախումբը շարունակեց իր երթը Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր յանուն նախագահին դիմաւորուեցաւ կուսակցութեան օգնական քարտուղարին՝ Հիլալ Հիլալի կողմէ: Կաթողիկոսը իր պատուիրակութեամբ մտերմիկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ: Ապա, շքախումբը մեկնեցաւ նախագահական պալատ, եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը:
Աւելի քան ժամ մը տեւած ջերմ ու սրտբաց հանդիպման ընթացքին, նախագահը խօսեցաւ Սուրիոյ վերջին հինգ ու կէս տարուան ներքին կացութեան եւ տագնապին մասին՝ ապահովական ու քաղաքական երեսներով, ինչպէս նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն մասին:
Կարդացեք նաև
Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամենամօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի: Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց ու յոյս յայտնեց, որ երկրէն ներս բարեկարգումի ու վերականգնումի գործընթացը շուտով սկսի, որուն գործօն մասնակցութիւն պարտին բերել բոլոր համայնքները, իսլամ, քրիստոնեայ ու մասնաւորաբար՝ հայ համայնքը:
Այս իմաստով նախագահը բարձր գնահատեց սուրիահայ քաղաքացիներուն դերակատարութիւնը տագնապի ամբողջ տեւողութեան, ընդգծեց անոնց կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին եւ զոհողութեանց գնով անոնց յանձնառութիւնը:
Հանդիպումի վերջաւորութեան, վեհափառը յատկապէս յիշեց բոլոր նահատակները. «Անոնց նուիրական արիւնով Սուրիան աւելի զօրաւոր եւ սուրիացի ժողովուրդը աւելի վճռակամ պիտի շարունակէ նորոգութեան ու վերականգնումի իր ընթացքը», ըսաւ վեհափառը, ան նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով, գոհունակութեան արտայայտութիւններով եւ յիշատակի լուսանկարով:
Երեկոյեան, վեհափառը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ դամասկոսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ վերականգնումի նիւթին առնչութեամբ պատկերացումներու քննարկումը շարունակուեցաւ հաւաքական ընթրիքի սեղանի մը շուրջ: