«Գանձասար». 2 Յունուար 2017-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան հանդիպում ունեցաւ Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին համայնքապետները խօսեցան զանազան ծրագիրներու շուրջ, ինչպէս՝ քանդուած եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու բարեկարգման, պատրիարքներու Հալէպ այցելութեան, Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութեան, համայնքապետներուն անունով Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին նամակի առաքման, Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի եւ կառավարական պատուիրակութեան Հալէպ այցելութեան եւ այլն։
Հանդիպման աւարտին, համայնքապետները հանդիպում ունեցան նաեւ արաբական ազգային պահակագունդի նախագահ սեյիտ զուլ Ֆաքար ալ Ամիլիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։
Հանդիպման մասնակիցները արծարծեցին Հալէպի վերականգնումին առնչուող հարցեր։