Թուրքիոյ գիշերային ակումբին դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը լիբանանեան հասարակութեան մօտ սրեց Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զարգացած ըլլալու փաստին հանդէպ զգայնութիւնը: Հարցը կը ստանայ նաեւ քաղաքական հնչեղութիւն այն առումով, որ մեկնաբանութիւններուն մէջ կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան երկիր ըլլալու կարծր տիպի կամ սխալ պատկերացումի քանդումի անհրաժեշտութիւնը` յորդորելու համար լիբանանցիները չմեկնելու Թուրքիա:
Լիբանանցիներուն հաւաքական յիշողութիւնը սակայն, դժբախտաբար բաւական թոյլ է, չըսելու համար, որ գրեթէ գոյութիւն չունի: Տարի մը առաջ էր, որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հասարակական-կուսակցական բազմաթիւ շրջանակներ սուր կերպով կը յիշէին Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած սովամահ դարձնելու քաղաքականութիւնը Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, եւ աւելի՛ն` Անգարայի իշխանութիւնները կը նկատէին պատասխանատու ինչպէս անցեալի, բայց մանաւանդ մերօրեայ տարածաշրջանային ցեղային զտումներուն:
Այս բոլորը կ՛ենթադրէին եթէ ոչ իրաւական, ապա քաղաքական գնահատական կամ վերաբերում, որ մինչ այժմ տեղի չունեցաւ: Ինքնաքննադատութեան կարգով լիբանանցի ականաւոր պետական գործիչեր կ՛ընդգծէին, որ լիբանանցիներուն հաւաքական յիշողութիւնը թոյլ է եւ պէտք է օրինակ առնել հայերէն, որոնք իրենց համազգային յիշողութիւնը տեղափոխած են իրաւաքաղաքական դաշտ:
Լիբանանեան քաղաքական բեմերու վրայ արձանագրուած այս յայտարարութիւններուն վերյիշեցումը անպայման չի կապուիր զբօսաշրջութեան նպատակով Ամանոր անցընելու համար Թուրքիա մեկնող լիբանանցի այցելուներու երեւոյթին հետ: Այլապէս, այստեղ այս անգամ ներհայկական առումով ինքնաքննադատութեան շատ տեղ ունինք` նկատի ունենալով նոյն նպատակներով Թուրքիա այցելող լիբանանահայ զբօսաշրջիկի կերպարի տարածումը: Ցաւօք, կարելի չէ բացառել տարբեր առիթներու, ընդունելութիւններու թէ արձակուրդ անցընելու պատճառներով Թուրքիա մեկնող լիբանանահայերու երեւոյթը:
Կարդացեք նաև
Զբօսաշրջութիւնը արուեստական պատճառաբանութիւններով կարելի չէ անջատել քաղաքական դիրքորոշումներէն եւ ընկալումներէն: Զբօսաշրջութիւնը պետութիւններու առաջնային քաղաքականութեան մաս կազմող ոլորտ է, եւ նման գովազդային հրաւէրներուն ընդառաջելը, այո՛, տարածաշրջանային մակարդակի վրայ մրցունակ գիներ տրամադրելու դիմաց օդանաւի տոմս ապահովելու համար փութալն ու հիւրանոցային ամրագրումները անմիջապէս կատարելը պարզապէս յագուրդ տալ են տուեալ պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան:
Մէկը միւսին չի խանգարեր ըսելը` հաւաքական յիշողութիւնը տարբերակելով ազգային յիշողութենէն ինքնախաբէութեան յանձնուիլը, մեղմ ըսելաձեւով չ՛արդարացներ երեւոյթը:
Խնդիրը սակայն միայն ազգային յիշողութեան հետ հաշտ մնալու հրամայականին չի վերաբերիր: Լիբանանահայերն ու լիբանանցիները այս պարագային արագ հայեացքով մը պիտի նկատեն, որ իրենց հրամցուած գովազդային Թուրքիան կապ չունի իրական Թուրքիոյ հետ, ուր խորքային պետութիւն, նոր օսմանականութիւն, էրտողանական մենատիրութիւն, ոստիկանական պետութիւն ըսելաձեւերը ձեւ ու մարմին կը ստանան տարբեր առիթներու եւ այս օրերուն շատ յաճախակի:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում