2012-ին, Հալէպի պատերազմական վիճակի վատթարացումով, Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի թաղամասը շարունակական հրթիռակոծումներու թիրախ դարձաւ:
Ճեմարանականները ստիպուած հեռացան իրենց վարժարանէն եւ ուսումնական իրենց կեանքը շարունակեցին համեմատաբար աւելի ապահով շրջանի՝ Սուլէյմանիէի մէջ գտնուող Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս:
Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատումով Ճեմարանի թաղամասը ապահով դարձաւ, եւ 5 տարի շարունակ Ճեմարանի կարօտով ապրող ճեմարանականները այսօր առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. հաղորդութիւն ստանալէ ետք, այցելեցին Ճեմարան:
Անոնք մաքրեցին պատերազմին թողած հետքերը, բարեկարգեցին իրենց ամրոցը ու կարօտակէզ իրենց հոգիները մխիթարուեցան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան վերադառնալու ուրախութեամբ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում