Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն, որ անյապաղ դատապարտէ Դեկտեմբեր 29-ին, հայկական սահմանային դիրքի մը վրայ տեղի ունեցած ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը։
«Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած նորագոյն մահացու յարձակումը նոր օղակ մը կու գայ աւելցնելու վերջին քանի մը տարիներուն Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի օրերուն կրկնուող զինադադարի խախտումներու շարանին», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, կոչ ընելով Մինսկի խմբակի համանախագահներուն, որ վերջ տան «արհեստական անկողմնակալութեան», յստակօրէն եւ խստօրէն դատապարտելով յարձակումները, որոնք 2016ը դարձուցած են Արցախի տագնապին ամենամահացուն՝ 1994էն ի վեր։
Համբարեան նաեւ կոչ ըրաւ հանրութեան, որ այս գծով արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ ճնշում բանեցնելու համար դիմեն իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն, այցելելով anca.org/StopAliyev կայքէջը կամ համացանցային #StopAliyev արշաւին միջոցաւ։