Տարուան վերջին թիւը վաղուան բացառիկն է, որ արդէն իսկ մամուլի տակ է: Ուրիշ մտորումներով պիտի ուզէինք փակել տարուան մեր վերջին գրութիւնը, բայց թշնամիին անարգ յարձակումը կը մղէ մեզ վերադառնալու Ատրպէյճանին պատասխան տալու պարտաւորութեան:
Թշնամիին պատասխանը, անշո՛ւշտ, պէտք չէ վստահինք միայն մեր բանակին։
Իւրաքանչիւրս, իրեն յատուկ ձեւով, իր հնարաւորութեան համապատասխան ու աւելիո՛վ պէտք է մասնակցի համազգային գործողութեանց:
«Խաղա՜ղ Երկինք Մեր Զինուորին» խորագիրը կը կրէ «Ասպարէզ»-ի բացառիկին առաջին բաժինի կողքը: Խաղաղութիւնը, սակայն, միայն մաղթանքով ու կենացով չ՛իրականանար: Մենք պէտք է գործենք՝ «այլեւս ո՛չ մէկ զոհ» հոգեբանութեամբ, ոգիով. պէտք է գործենք վճռականութեա՛մբ, այնպէ՛ս, ինչպէս պիտի գործէր սահմանի վրայ ապրող ու իր հողը պաշտպանող մեր հայրենակիցը:
Ատրպէյճանին պատասխանը կրնանք տալ՝ բանակին մեր զօրակցութիւնը առաւել շօշափելի դարձնելով:
Ատրպէյճանին պատասխանը կրնանք տալ՝ Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական եւ ռազմական հնարաւորութիւնները ուժեղացնելով:
Ատրպէյճանին պատասխանը կրնանք տալ՝ մասնակցելով քարոզչական արշաւներու՝ թէ՛ ներքին, մեր կորովը բարձրացնելու, եւ թէ միջազգային, հանրութեան ուղղուած բացատրութիւններ ու դատապարտանքի յայտարարութիւններ տարածելու:
Ամէնէն կարեւորը՝ մեր զայրոյթը, ընդվզումը անպայմա՛ն շօշափելի գործի վերածելն է, նպատակ ունենալով մեր համազգային բռունցքը այնքա՛ն հզօրացնել, որ այլեւս թշնամին չհամարձակի սադրանքներ կազմակերպել, այլեւս ո՛չ մէկ զոհ տանք, իսկ մեր մաղթանքը՝ «Խաղաղ երկինք մեր զինուորին»ը, ունենայ համոզի՛չ շեշտ։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ