yerakouyn.com. Հրամանատարութիւնը նշեց. «Սուրիական բանակին մէկէ աւելի ճակատներու վրայ արձանագրած յաղթանակներուն լոյսին տակ, բանակի հրամանատարութիւնը սուրիական ամբողջ հողերուն վրայ կիրառելի ընդհանուր զինադադար կը յայտարարէ 30 Դեկտեմբեր 2016- ի առաջին ժամերէն սկսեալ»։
Հրամանատարութիւնը դիտել տուաւ, որ.« Զինադադարի որոշումը առնուած է սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ենթահող պատրաստելու նպատակով»,- աւելցնելով, որ որոշումը չ՚ընդգրկէր ՏԱՀԵՇ եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց ենթակայ միաւորները։