«Գանձասար». Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ այսօր ընդունեց Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Հուսէյն Ճապիրի Անսարին եւ զինք ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան տարածաշրջանային հարցերն ու քաղաքական զարգացումները։
Անսարի նախագահ Ասատին ներկայացուց Սուրիոյ ժողովուրդին սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող Իրանի ի գործ դրած դիւանագիտական ջանքերը, յատկապէս վերջերս Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն Մոսկուայի մէջ գումարած միացեալ ժողովին մանրամասնութիւնները։
Իր կարգին Սուրիոյ Նախագահը շեշտեց, թէ. « Հալէպի ազատագրումը զինեալ ահաբեկիչներէն սոսկ Սուրիոյ յաղթանակը չէ, այլ՝ բոլոր այն կողմերուն, որոնք կը սատարեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, յատկապէս Ռուսիոյ Եւ Իրանի»:
Կարդացեք նաև