«Գանձասար». Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Հալէպ քաղաքը ապահով տարածք յայտարարեց՝ քաղաքը ազատագրելէ ետք ահաբեկիչներէն, ահաբեկչութենէն, ինչպէս նաեւ զինեալ ահաբեկիչներու վերջին խումբին քաղաքէն դուրս բերելէն ետք։
Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ Հալէպ քաղաքի ապահովութեան հաստատումը մէկ կողմէ ռազմավարական շրջադարձ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ անկիւնադարձ մըն է, իսկ միւս կողմէ մահացու հարուած մը՝ ահաբեկչութեան ծրագրին ու անոր աջակիցներուն ։