«Գանձասար». Սուրիական «Ալ Իխպարիէ» արբանեակային պատկեռասփիւռի թղթակիցը յայտնեց, թէ Ռամուսէի միջանցք հասած է Քաֆրիա եւ Ֆուաա աւաններու բնակչութիւնը տեղափոխող հանրակառքերու նոր խումբ մը, որուն զուգահեռ հարիւրաւոր զինեալներ, իրենց ընտանիքներով, Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն դուրս բերուած են հանրակառքերով ու շտապ օգնութեան մեքենաներով։
Այժմ Հալէպէն զինեալներու վերջին խումբերը դուրս կը բերուին։ Մինչեւ արշալոյս Հալէպի բոլոր զինեալները դուրս բերուած պիտի ըլլան, եւ եթէ խոչընդոտներ չյառաջանան, առաւօտեան ժամերուն Հալէպ քաղաքը ահաբեկիչներէն վերջնականապէս դատարկուած պիտի յայտարարուի։