«Կարո՞ղ է Հայաստանը զարգանալ, ապրել առանց Սփիւռքի՝ այո։ Սակայն սփիւռքահայութեան հետ հնարաւորութիւնները կրկնապատկւում են, տասնապատկւում են։ Իսկ Սփիւռքն առանց Հայաստանի կարո՞ղ է՝ ի հարկէ ոչ», նշեց Կարէն Կարապետեանը:
ԽՄԲ. «ՆՅ»ի.- Հայաստանի վարչապետը ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին առթիւ՝ հանրային հարցազրոյցի ժամանակ, խօսելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին՝ իրարու հակասող արտայայտութիւններ ունեցաւ՝ մէկ կողմէն ըսելով, որ «Սփիւռքի հետ գործակցութիւնը կրկնապատկող, տասնապատկող արդիւնաւէտութիւն կ՚ունենայ», յետոյ՝ որ «Սփիւռքը առանց Հայաստանի չի կրնար գոյատեւել», այնուհետեւ ալ՝ որ «երկու կողմերը զիրար լրացնող են»։
Հակառակ հայաստանեան ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ գիտական ու ակադեմական միջավայրէ որոշ դէմքերու Սփիւռքի նկատմամբ քաղաքավար ու բարեհամբոյր բազմաթիւ արտայայտութիւններուն, դժբախտաբար Հայաստանի մէջ արմատացած է այն համոզումը, որ Սփիւռքի մէջ հայութիւն չի կրնար գոյատեւել։
Դուրսէն հայաստանեան իրավիճակը դիտող բազմաթիւ սփիւռքահայերու մէջ ալ, ըլլայ՝ համայնքային ղեկավար թէ մտաւորական, արմատացած է ճիշդ հակառակ համոզումը, թէ Հայաստան՝ այս ընթացքով չի կրնար դիմանալ, պիտի կորսուի։ Ռուբէն Վարդանեան ալ, որ համաշխարհայնացած Հայու յղացքը միջազգայնացուց Նիւ Եորք Թայմզի մէջ իր հրապարակած ծանուցումով, այս նիւթին մասին շատ յստակ կերպով արտայայտուած էր հարցազրոյցի մը ընթացքին, ըսելով՝ «երկրորդ առիթ պիտի չունենանք», այսինքն՝ Հայաստանը փրկելու։ Կարծէք միայն Հայաստանի ղեկավարներն են, որ անգիտակից են այս իրականութեան։
Կը հրապարակենք խմբագրութեանս ստացած՝ հետեւեալ գրութիւնը, որ շատ սուր կերպով կ՚անդրադառնայ Վարչապետին արտայայտութեան։
……
Ոչ տաղանդ ունիմ, ոչ գրելու ձիրք
Ոչ Ծառուկեան եմ, ոչ ալ բանաստեղծ
Սակայն զայրոյթս անսահման է
Ու ընդվզումս մեծ…
Այս ի՜նչ ամբարտաւանութիւն է երեւանեան:
Կարդացեք նաև
Այս ի՜նչ անտեսում ու նուաստացում
Մեր դարաւոր Սփիւռքին որ կերտած է ինքնութիւն
Իր ազգը, մշակոյթն ու լեզուն
Աշխարհն ի վեր հաստատուած…
Բայց միշտ ալ հայութեան ու հայրենիքին օժանդակած:
Երբ Երեւանը գիւղ էր անկարեւոր
Ու Արցախը ագարակ
Մեր մշակոյթը կը տրոփէր Պոլիս, Թիֆլիս ու Վենետիկ
Սփիւռքն էր ջահը մեր ինքնութեան…
Բայց ի՜նչ շուտ այս բոլորը մոռցուեցան:
Երբ Ստալինը յօշոտեց Հայաստանն
Ու մեր մեծերը մէկ առ մէկ Սիպիր անհետացան
Սփիւռքի մեր որբերը կերտեցին դպրոց, եկեղեցի ու ակումբ
Իրենց լումաներով, քրտինքով ու բազուկներով…
Առանց պետութեան. ո՞ւր էր Երեւան:
Հասաւ 88-ը ու 91-ը
Խուժեցինք բոլորս Հայաստան
Պէյրութէն Արժանթին
Լոսէն Փարիզ ու աւելի անդին…
Բայց միայն լսեցինք, ու կը լսենք տակաւին՝ տո՜ւր, տո՜ւր, տո՜ւր:
Խնդրեմ, Պարոն Վարչապետ
25 տարիէ ի վեր, դուք ի՞նչ տուած էք Սփիւռքին
Նշեցէ՛ք մէկ դպրոց, կեդրոն կամ եկեղեցի
Ուր ներդրումը կայ մէկ պաշտօնեայի կամ օլիկարխի…
Երբ բոլորդ կը վայելէք Վէրսաչէ, Մայպաք ու Պէնթլի:
Հպարտ հպարտ կը ցուցադրէք Թումօն
Ձեր զաւակները կ՚ուղարկէք Ամերիկեան Համալսարան
Ցոյց կու տաք ամէնուն Դիլիջանի Դպրոց ու Տաթեւի Թեւեր
Բարեգործականն ալ պէտք է հասնի ձեր աղքատներուն եղեր…
Այս բոլորը եկան Սփիւռքէն, բայց կը հաւատաք որ դո՞ւք սփիւռք կը պահէք:
«Հայաստանը ամէն Հայու հայրենիքն է» կը գոռաք
Սակայն երկու միլիոն հայ փախցուցած էք հայրենիքէն
«Արի տուն» կը բացագանչէք
Բայց քսան հազար սուրիահայ չկրցաք դեռ պահել….
Գոնէ սփիւռքահայերու թիւը մի շատցնէք:
Վա՜յ ինչ ըսեմ անոնց որ կուրօրէն ձեզի կը հետեւին
Ղեկավարներ որ իրենց գաղութները կ՚անտեսեն
Մեր գեղեցիկ արեւմտահայերէնը կ՚արհամարհեն
Հայաստան ու հայրենիք միայն կը հոլովեն…
Ու մեր հազարամեայ Սփիւռքը կտոր կտոր կը քանդեն:
Շէնցնենք Երկիր, անպայմա՛ն
Առանց խորտակելու Սփիւռքը թանկագին
Թող Հայաստանը ըլլայ բոլորին հայրենիք
Բայց ինչո՞ւ պէտք է անարգել մշակոյթն ու ինքնութիւնը Սփիւռքի…
Այլեւս յոգնած ենք յանկերգէն «մէկ ազգ մէկ հայրենիք»:
Խնդրեմ, Պարոն Վարչապետ
Քիչ մը պատմութիւն սորվեցէք
Քիչ մըն ալ իրականութիւն
Համեստութիւն ունենալն ալ լաւ բան է եղեր…
Ափսո՜ս, ձեր խօսքերը անամօթ տգիտութիւն միայն ցոյց կու տան:
Կերտեցէք պետութիւն, ապրի՜ք
Թող տեւէ այդ հազար տարի
Բոլորս ալ մնանք ձեր կողքին՝ միասնաբար Սփիւռք ու Հայրենիք
Բայց Աստուած չընէ՝ երբ նորէն կորսնցնէք անկախութիւն…
Ի հարկէ՛, Սփիւռքն է որ պիտի գայ ձեր փրկութեան:
Կեցցէ՛ Սփիւռքը, Պարոն Կարապետեան
Զուգահեռ ձեր պետութեան կամ առանց
Պիտի մնայ ան այնքան ատեն որ կան Հայեր ի սփիւռս աշխարհի
Բայց ոչ անպայման անկախ Հայաստան…
Այդ երբեք մի մոռնա՛ք, Կարէն Կարապետեան:
Զ. ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
2016 Դեկտեմբեր 4, Paru dans le journal Nor Haratch
Վարչապետի խօսքերը լիովին ճիշդ են:
Եւ տակաւին՝ զուսպ… չափաւոր եւ քաղաքավար…
Արդարեւ, որոշ Սփիւռք մը սուր կարիքը ունի, ասենք՝ տարրական իրականության հետ նուազագոյն կապ մը հաստատելու:
Վերեւի սերունդների համար,
հասկնալի է որ անոնք անկարող են ըմբռնելու այժմու երականութիւնը,
սակայն լաւ կը լինի որ իրենց պատրանքները չփոխանցեն երիտասարդութեան:
Այսուհետեւ ոչ միայն Հայաստանը կարիքը չունի Սփիւռքին,
այլ որոշ Սփիւռք մը աւելորդ գլխացաւ դարձած է Հայաստանի համար:
Սփիւռքի փոքրիկ մասնիկ մը կարող է տակաւին գոյատեւել որպէս հայութիւն, շնորհիւ Հայաստանին:
Սակայն կա արդէն որոշ Սփիւռք մը որ,
նոյնիսկ Հայաստանով հանդերձ՝ այլեւս կորած ու վերջացած է, R.I.P. …