Եթէ մեր առցանց մամուլը կազմակերպելու պաշտօնը ինծի յանձնուած ըլլար։
Ուրեմն, սկսելու համար, պիտի հաստատէի առցանց կայք մը, ուրկէ մէկ կամ քանի մը կտտոցով կամ չխկոցով կարելի ըլլար բանալ հայկական հայալեզու թէ օտարալեզու որեւէ թերթ, պարբերաթերթ, ձայնասփիւռի կամ պատկերասփիւռի կայան, նոյնիսկ առցանց որեւէ տեղեկատու կայքէջ՝ հաւաքական ըլլայ թէ անձնական։ Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն։ Առանց հրէի ու հեթանոսի խտրութեան։ Չեմ գիտեր, թէ մշակոյթի նորանշանակ մեր նախարարը այս մասին մտածե՞ր է։ Կամ թերեւս՝ սփիւռքի նախարարուհին։
Այնպէս պիտի դասաւորէի այս կայքը, որ այնտեղէն հնարաւոր ըլլար հեշտութեամբ որոնել ու գտնել հայութեան, հայոց պատմութեան, Հայաստանի) Արցախ, Ջաւախք, Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա ներառեալ (հայ մշակոյթի, հայ լեզուի վերաբերեալ ամէն ճշգրիտ տեղեկութիւն, ամէն թողարկում։ Իսկ այս մասին արդեօք բան մը կ՛ուզէ՞ր ընել կրթութեան ու գիտութեան մեր ՀՀ նախարարը։
Իւրաքանչիւր օգտատէր կրնայ կարծիք յայտնել իր կարդացածին, ունկնդրածին կամ դիտածին մասին ու եթէ մնայ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ՝ իր տեսակէտը մատչելի կը դարձուի բոլորին։ Որքան շատ ըլլան արտայայտուողները, այնքան շատ կը ձեւաւորուի հանրային կարծիքը, որ ներկայիս ամբողջովին կամ գրեթէ ամբողջովին կը բացակայի մեր մամուլէն եւ ոչ միայն մամուլէն։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում