Գործարար ընկերոջ մը հետ կը զրուցէինք իր կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեգործական ծրագիրներու մասին: Ինք, անձամբ, սնունդի ոլորտին մէջ մասնագիտացած է, սակայն նոր գործ սկսելու տրամադրութիւն չունի. պատճառը ո՛չ թէ վստահութիւն չունենալն է, այլ, պարզապէս իր մեծահասակ ըլլալն է, որ կը մտահոգէ զինք: Ուրեմն, Հայաստանի մէջ գործարան բանալու ծրագիրին մասին նոյնիսկ չ՛ուզեր մտածել:
Ի՛մ առաջարկս։ Գործարան մը կառուցէ եւ զայն դիր բանակի հաշուեկշիռին մէջ: Թո՛ղ բանակը նշանակէ տնօրէնութիւնը, իսկ քու խորհուրդներով ու վերահսկողութեամբ, գործարանը նախ թող գոհացնէ բանակին կարիքները՝ տուեալ սննդեղէնին, ապա թող ծրագրէ աւելցնել իր արտադրութեան ծաւալները եւ մտնէ եւրասիական շուկայ, ուր հսկայ շահոյթ ապահովելու հնարաւորութիւնները մեծ են:
Բանակի հրամանատարութիւնը գործարար պէտք չէ դարձնել, այլապէս՝ կը բանանք կաշառակերութեան նոր փորձութիւններու դուռ մը, որ քանդիչ կրնայ ըլլալ: Ուրեմն, պէտք է բացառուի գործարանի կառավարումին մէջ բանակի հրամանատարական կազմի մասնակցութիւնը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում