«Գանձասար». Այսօր, աւելի քան 2300 զինեալ ահաբեկիչներ իրենց ընտանիքներուն հետ միասին երեք հանգրուաններով, հարնակառքերով եւ շտապ օգնութեան մեքենաներով դուրս բերուեցան Հալէպէն, Միջազգային Կարմիր Խաչին եւ Սուրիական Կարմիր Մահիկին հսկողութեամբ։ Անոնք փոխադրուեցան Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանի գիւղերը։
Դուրս բերման գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ բոլոր զինեալ ահաբեկիչները դուրս ելլեն Հալէպէն։