kantsasar.com. ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ այսօր յետմիջօրէին Սուրիական Կարմիր Մահիկին ու Միջազգային Կարմիր Խաչին հսկողութեամբ, Հալէպի զինեալներու առաջին խումբը, իր ընտանիքներով միասին, հանրակառքերով եւ շտապ օգնութեան մեքենաներով դուրս բերուեցաւ Հալէպէն։ Հանրակառքերը զանոնք Րամուսիէյի միջանցքին ճամբով փոխադրեցին Հալէպի հարաւարեւմտեան գիւղեր։
Աղբիւրին համաձայն, խումբը կ՚ընդգրկէ 951 ահաբեկիչներ, իրենց ընտանիքներով։
Զինեալներու դուրս բերման գործողութիւնը պիտի շարունակուի հանգրուանաբար, մինչեւ Հալէպի արեւելեան հատուածի Սալահ Ատտին, Զըպտիյէ, Մեշհէտ եւ Անսարի շրջաններու ամբողջական պարպումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն։
ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին համաձայն, զինեալներ առաւօտեան, նախքան իրենց դուրս ելլելը, հրկիզած են իրենց բոլոր զինապահեստներն ու արխիւները, որոնք պիտի բացայայտէին անոնց արտաքին կապերն ու ֆինանսական աղբիւրները։