2015ի Փետրուարին էր, կարծեմ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իշխող Հանրապետական Կուսակցութեան ղեկավար կազմին հետ հանդիպումի մը ընթացքին բացայայտեց, որ ենթադրեալ կամ ինքնակոչ հերոսը, ինքզինք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի փրկիչ համարող Գագիկ Ծառուկեանը սովորական խաչագող մըն է, որ ունի կասկածելի անցեալ, հաւանաբար նաեւ՝ «կրիմինալ» գործունէութիւն, մութ գործարքներով կուտակած հարստութիւն… Դեռ աւելին, ան փորձանք է հայ ժողովուրդին համար, քանի որ զուրկ է բնական մարդու մտաւոր ունակութիւններէն եւ կարողութիւններէն, բայց կը յաւակնի քաղաքական ղեկավար դառնալ: Ուրեմն, իբրեւ Հայաստանի նախագահ, իր պարտականութիւնն է քաղաքական դաշտէն հեռացնել այս վտանգաւոր անձնաւորութիւնը, այս փորձանքը, չարի՛քը…
Այսպիսով, մէկ օրէն միւսը, Հայաստանի երկրորդ մեծ կուսակցութեան հիմնադիր-առաջնորդը, շատերու կողմէ «թագաւոր» կամ փրկիչ համարուող ղեկավարը դարձաւ սովորական «կրիմինալ», հակահերոս, ժողովուրդի թշնամի: Հիմա, սակայն, ֆիլմի երկրորդ մասը կը հրամցուի հանրութեան… Հայաստանի քաղաքական հարթակի բեմադրիչները հանրութեան համար կը պատրաստեն հերոսին՝ շուրջ երկու տարի առաջ քաղաքական դաշտէն վտարուած փրկիչին վերադարձը:
Արդէն մէկ-երկու շաբաթէ ի վեր, լրատուական աղբիւրներու խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկը Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքականութիւն վերադարձն է: Բոլորն ալ կը սպասեն աքսորուած փրկիչի յայտարարութեան, թէ՝ ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակներով ան վերստին պիտի մտնէ քաղաքական դաշտ: Պիտի գայ իբրեւ այլընտրա՞նք այս իշխանութիւններուն, իբրեւ ընդդիմութի՞ւն, իբրեւ դաշնակի՞ց… Բայց արդէն կարեւոր ալ չէ այդ, որովհետեւ ան պիտի վերադառնայ իբրեւ փրկիչ, իբրեւ հերոս, իբրեւ ազատարար: Պիտի գայ՝ լուսանցք մղելու իսկական ընդդիմադիրները: Պիտի վերադառնայ՝ օրինականութիւն տալու շինծու ընդդիմութեան եւ իշխանութեան հետ կաթոլիկ ամուսնութիւն կնքած իշխող կուսակցութեան: Պիտի գայ՝ յստակ բեմագիրով, ինչպէս հոս կ՛ըսեն՝ լաւ գրուած «սցենարով»:
Այսպէս, հազարաւոր հայաստանցիներ պիտի ողջունեն հերոսի վերադարձը, հայրենիքի փրկութիւն ու կեանքի բարգաւաճում պիտի տեսնեն անոր մէջ, կարմիր գորգով, հաց ու աղով պիտի դիմաւորեն զայն: Եւ այդպէս ալ պիտի չիմանան, որ սա, ընդամէնը՝ բեմադրութի՛ւն է, իսկ իրենք՝ փոքրիկ դերակատարներ:
Կարդացեք նաև
Րաֆֆի Տուտագլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում